Ամին Ժեմայէլ Այցելեց Թրիփոլի

Ժեմայէլ, միւֆթի Շաար եւ նախկին նախարար Օմար Մըսքաուի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան զարգացումներն ու շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին լուծման:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր ղեկավարութիւններուն համաձայնութիւն մը գոյացնելու լիբանանեան պետութեան ծրագիրի մը նախագիծին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերացնել քաղաքական եւ ընկերային բոլոր ճահճացումները: Ան շեշտեց, որ անկարելի է երկրին գերիշխանութիւնը գործադրել, այնքան ատեն որ երկրին մէջ ապօրինի զէնք կայ:

Միւֆթի Շաարի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը շարունակէ խորհրդակցիլ լիբանանեան բոլոր ղեկավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, յատկապէս այն առումով, որ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ դրած է պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ երաշխաւորելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան շարունակումը:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ հաստատեց, որ ինք հպարտ կը զգայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր դաշինքով, որ կը միտի Լիբանանի գերագոյն շահերը, գերիշխանութիւնը եւ ժողովրդավարական վարչակարգը պահպանել:

Ժեմայէլ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ ընդգծեց, որ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց իր զաւակներուն միասնականութեան` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը համաձայն են, որ Լիբանանի գոյատեւումը անկարելի կը դառնայ, առանց անոր զաւակներուն միջեւ փոխըմբռնումին, իսլամ-քրիստոնեայ համագոյակցութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

Քարամէ նկատել տուաւ, որ այնքան ատեն որ համայնքային գրգռութիւններն ու զէնքը առկայ են, երկրին ապահովական կայունութիւնը կը մնայ դիւրաբեկ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Քարամէ յայտնեց, որ կացութիւնը ըստ երեւոյթին դրական կը դառնայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը ամէն պարագայի պիտի ազդէ երկրին վրայ, այդ աւարտը ըլլայ դրական կամ ժխտական:

Միւս կողմէ, Քարամէ կոչ ուղղեց բանակին երկաթեայ բազուկով հարուածելու եւ հակակշիռի տակ առնելու բոլոր օրինազանցները:

 

Share this Article
CATEGORIES