Ճատրակ. Դանիէլեան, Մկրտչեան, Կալոյեան, Քուրսովա Եւ Հայրապետեան Պիտի Մասնակցին Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան
Armchess.am հայկական ճատրակի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 1 ապրիլին Այնթէպի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող հայրենի հինգ վարպետներուն անունները յստակացած են:
Անոնք են` Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Աննա Հայրապետեան:
CATEGORIES Մարզական