Պաքու Պատասխանած Է Թեհրանի Բողոքագիրին
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Թեհրանի կողմէ Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին յանձնուած բողոքագիրին, որուն մէջ Թեհրան Պաքուն մեղադրած էր իրանցի հիւլէական ուժանիւթի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ըլլալու համար:
«Հաշուի առնելով, որ իրանցի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ահաբեկչական տարրերը տեղաշարժած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքով եւ իսրայէլեան «Մոսատ» գաղտնի սպասարկութեան աջակցութեամբ Թել Աւիւ մեկնելու համար լայն կարելիութիւններ ունեցած են, ազրպէյճանցի դեսպանին այդ առնչութեամբ խիստ բողոք ներկայացուած է», ըսուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Վերոնշեալ բողոքագիրին պատասխանելով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլայեւ ըսած է, թէ այդ մեղադրանքները զրպարտանք են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ:
«Ազրպէյճան իր տարածքին մէջ որեւէ ահաբեկչական գործունէութիւն եւ դուրսէն միջամտութիւն չ՛արտօներ», ըսած է Ապտուլլայեւ` աւելցնելով, որ «Ազրպէյճանի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելն ու անոր բողոքագիր յանձնելը իրանեան կողմին պատասխանն է այն բողոքագիրին, որ Ազրպէյճան Իրանին յղած էր իրանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ կապ ունեցող անձերու մասնակցութեամբ մեր երկրի տարածքին մէջ ահաբեկչութեան փորձ կատարելու առնչութեամբ»: