Նախագահ Սարգսեան Պիտի Գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Համամասնական Ցանկը

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ 6 մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ընտրացուցակը պիտի գլխաւորէ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Շարմազանով ընդգծեց, որ կուսակցութեան մէջ բոլորը միակարծիք են այս հարցին գծով` այլ կարծիք ալ չէր կրնար ըլլալ:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ երկրին օրէնսդրութիւնը չ՛արգիլեր հանրապետութեան նախագահին գլխաւորել կուսակցութեան համամասնական ցուցակը:

 

Share this Article
CATEGORIES