Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատ Հանրաքուէին Քուէարկելէ Ետք Յայտարարեց. «Սուրիա Տեղեկատուական Յարձակումի Կ՛Ենթարկուի»
Երէկ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոր սահմանադրութեան նախագիծի շուրջ հանրաքուէ մը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը, ըստ իշխանութիւններուն, աննախադէպ էր, ուստի իշխանութիւնները կարգ մը նահանգներու մէջ հանրաքուԷի աւարտի ժամկէտը երկարաձգեցին մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00: Ընդդիմութիւնը կոչ ուղղած էր հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու եւ Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջած էր:
Նոր սահմանադրութիւնը բազմակուսակցական համակարգ կը նախատեսէ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «Սուրիա տեղեկատուական յարձակումի կ՛ենթարկուի, սակայն տեղեկատուութեան մարզը հակառակ իր կարեւորութեան չի կրնար իրողութեան յաղթել եւ թերեւս կրնայ անջրպետի մէջ աւելի ուժեղ ըլլալ, սակայն մենք անջրպետէն աւելի գետնի վրայ աւելի ուժեղ ենք. հակառակ ատոր, կ՛ուզենք երկրին ու անջրպետին մէջ յաղթանակ արձանագրել»: Ան նշեց, որ սուրիական լրատուամիջոցները այս առումով մեծ ջանքեր կը թափեն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «նոր սահմանադրութեան նախագիծը Սուրիան նոր հանգրուան մը պիտի փոխադրէ»` նշելով, որ «այս օրը իր տոկունութեան եւ միասնականութեան վրայ գրաւ դնող սուրիացի ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմական օր մըն է»:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը արժանի եղաւ այս սահմանադրութեան, որուն միջոցով Սուրիան դէպի քաղաքական բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան հանգրուան կը փոխադրուի»` նշելով, որ «Սուրիա շնորհիւ այս սահմանադրութեան նախկինէն աւելի հզօր դուրս պիտի գայ»:
Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Մաքֆոլ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ Սուրիոյ Հոմս քաղաքը մարդասիրական ճգնաժամի եզրին կանգնած է, եւ Մոսկուային կոչ ուղղեց բռնութիւնը դադրեցնելու համար Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելու:
«Հոմսը մարդասիրական մեծ աղէտի շեմին է: Ռուսիա անյապաղ պէտք է կապ հաստատէ Ասատի հետ եւ 24 ժամուան հրադադար պահանջէ», գրեց դեսպանը:
Սուրիական վարչակարգէն աղբիւրներ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Ասատ իր իշխանութեան դէմ ըմբոստացողներուն դէմ կը պայքարի օգտագործելով սուրիական բանակէն միայն մէկ զօրաբաժին: Անոնք նշած են, որ հակառակ Հոմսի դէմ բուռն յարձակումին, Ասատ տակաւին իր ուժերուն մեծամասնութիւնը կը պահէ եւ չ՛ուզեր յաւելեալ արիւնահեղութիւն պատճառել, իսկ նշեալ ուժերու հրամանատարները դասալքութեան պարագաներէ կը զգուշանան:
Հոմսի մէջ սիւննիական զօրամասի մը մէջ ծառայող զինուոր մը օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական բանակը ըմբոստներուն դէմ իր ուժին միայն 20 առ հարիւրը օգտագործած է` նշելով, որ «Ասատի վարչակարգը տակաւին յեղափոխութիւնը ճզմել չէ որոշած»` նշելով, որ այդպիսի գործողութիւն մը առնուազն 100 հազար զոհ պիտի պատճառէ:
Աղբիւրները «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի կը յայտնեն, որ սուրիական բանակի ամէնէն ուժեղ զօրամասերը զրահապատ 4-րդ զօրաբաժինն ու նախագահական պահակագունդն են, որոնց անդամները ալեւի համայնքէն կ՛ընտրուին, եւ այդ ուժերը տակաւին Դամասկոսի մէջ տեղակայուած են, իսկ Հոմսի մէջ ըմբոստներուն դէմ կռուող ուժերը մեծամասնութեամբ սիւննիներէ կազմուած են:
Բրիտանական «Տը Փիփըլ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ լրագրող Մերի Քոլվինի` Հոմսի մէջ սպանութենէն ետք, Բրիտանիա մասնայատուկ ուժեր Սուրիա պիտի ուղարկէ պաշտպանելու համար իր քաղաքացիները: Օրաթերթը կը նշէ, որ բրիտանական մասնայատուկ ուժերու շուրջ հինգ խմբակներ պիտի ստանձնեն լրագրողներու եւ բրիտանացի պաշտօնատարներու, ներառեալ` Դամասկոսի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան մէջ աշխատողներուն պաշտպանութիւնը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ երեք շաբաթ ետք Պոլսոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու երկրորդ ժողովէն առաջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին հետ: Ան նշած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հարցը պիտի սերտէ, սակայն կը յուսայ, որ իր դեսպանատունը բաց մնայ:
Տաւութօղլու ընդգծած է, որ «Միջին Արեւելքը վայր մըն է, ուր բոլոր կրօններն ու յարանուանութիւնները պէտք է գոյակցին»` վստահեցնելով, որ «Թուրքիա ջանք կը թափէ, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը իր կազմին մէջ տարբեր կրօններէ կամ համայնքներէ, ներառեալ` քիւրտեր, ալեւիներ եւ քրիստոնեաներ ներառէ»:
Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Տան Մերիտոր իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ասատի վարչակարգին տապալումը պիտի քանդէ Իրանի հետ «առանցքը», ինչ որ Իսրայէլի համար լաւ պիտի ըլլայ: Ան յայտարարեց նաեւ, որ սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական որեւէ միջամտութիւն կը մերժէ:
Մերիտոր քննադատեց կեցուածքը Ռուսիոյ, որ, ըստ իրեն, Իրան-Սուրիա-Հըզպալլա առանցքի պաշտպանութեան վահանի դեր կը խաղայ:


