Փութինը Ահաբեկելու «Չեչենական Ծրագիր Մը» Կանխարգիլուած Է
Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական եւ ուքրանական գաղտնի սպասարկութիւնները Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինը ահաբեկելու ծրագիր մը կանխարգիլած են: Ըստ ծրագիրին, Փութինի ահաբեկումը տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ շաբթուան նախագահական ընտրութենէն ետք:
Ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները Օտեսայի մէջ ձերբակալած են երկու անհատներ` ռուս մը եւ ղազախ մը: Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաստատեց լուրը: Ռուսական պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքը հաղորդեց, որ երկու ձերբակալեալները Չեչեն անջատողական ղեկավար Տոքու Ումարովի ցուցմունքով աշխատանքի լծուած էին: Ումարով կ՛ուզէ Ռուսիոյ Հիւսիսային Կովկասի շրջանին մէջ «Իսլամական պետութիւն» մը ստեղծել:
CATEGORIES Միջազգային