«Ֆազզահ» Խումբին Մամլոյ Ասուլիսը` «Ռոյալ» Պանդոկին Մէջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Ֆազզահ» ռելիներու խումբը, «Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2012-ի աշխարհի անապատային երկար ռելիներու ախոյեանութեան, որ կ՛ընդգրկէ տասը հանգրուան:

Մեծաթիւ հանդիսատեսներու եւ յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին, Իմարաթցի Խալիֆէ Մաթիուհի, որ 2004-ի վերոնշեալ ռելիին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր, յայտնեց, որ այս տարի դարձեալ կը վերադառնայ ութ տարուան բացակայութենէ մը ետք (անձնական պատճառներով):

Մաթիուհիի (1971-ի ծնունդ) օգնականը պիտի ըլլայ գերմանացի Անտրէաս Շուլց (1955-ի ծնունդ), որ մեծ փորձառութիւն ունի անապատային ռելիներուն մէջ:

PROFOTO

Ան պիտի վարէ «Մինի Օլ 4- Ռասինկ» ինքնաշարժը, որ պատրաստութիւնն է Էքս Ռայտ խումբին:

Աւարտին ան պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն լուսաբանութիւններ տուաւ այդ ութ տարուան ընթացքին իր տարած աշխատանքներուն մասին` ըսելով, որ ան մի՛շտ կ՛ուզէր, որ իր վերադարձը ըլլայ շուտ:

Եզրափակելով ան ըսաւ, որ իր վերադարձը ուզեց յայտարարել  Լիբանանէն, որ իր կարծիքով կը նկատուի արաբական աշխարհի մրցումի ինքնաշարժներուն մայրաքաղաքը:

 

Share this Article
CATEGORIES