Ճատրակ. Արման Փաշիկեան Տիրացաւ Իրանի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Հայկական Armchess.am ճատրակի կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Արման Փաշիկեան տիրացաւ Իրանի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Մաշհատի մէջ: Ան ապահովեց 9 կէտ` առաւելագոյն 11 կէտէն:

139 մասնակցողներուն մէջ Լեւոն Փապուճեան 8 կէտ ապահովելով գրաւեց 8-րդ դիրքը:

Աղջկանց մրցաշարքին, Հայաստանի ախոյեան Մարիա Քուրսովա, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով 46 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը: 7,5 կէտ ապահովելով տիտղոսին տիրացաւ Սոփիքօ Քուքլաշվիլի (Վրաստան):

ՊՈՒՏԱՓԵՇԹԻ (Հունգարիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:

Վերոնշեալ կայքէջը կը հաղորդէ, որ 8 կէտ ապահովելով տիտղոսին տիրացաւ Գէորգ Յարութիւնեան:

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ճատրակ խաղացող եւ մարզիչ Էրիք Սիղիրճեանի գլխաւորութեամբ, Քաննի մէջ սկսած է գործել «Ազիւր» ճատրակի ակումբը: Հոն տեղի կ՛ունենան ճատրակի դասընթացքներ` պատանիներու համար:

Ակումբը կը ծրագրէ յառաջիկային մասնակցիլ Ֆրանսայի խմբային ախոյեանութեան, կ՛եզրափակէ Armchess.am:

 

Share this Article
CATEGORIES