Միջազգային Ճգնաժամային Խմբակը Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցով Զեկուցում Հրապարակած Է

Միջազգային ճգնաժամային խմբակը` միջազգային հանրութեան, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացման եւ խաղաղութիւն հաստատելու կոչ ուղղած է:

Խմբակի կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմներու մշակման կարեւորութիւնը կը շեշտուի, ինչպէս նաեւ շփման գիծին մօտակայքը ապրող խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է հակամարտող կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ հաստատել, ներառեալ` Ղարաբաղի ազրպէյճանական եւ հայկական համայնքներուն միջեւ հանդիպումներու իրականացումը», կ՛ըսուի Միջազգային ճգնաժամային խմբակի զեկուցումին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES