«Թուրքիա Սուրիոյ Նկատմամբ Գաղտնի Օրակարգ Չունի» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի այն յայտարարութեան, թէ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ Իսլամ եղբայրներուն շուրջ տարակարծութիւնը երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան պատճառն է, յայտնեց, որ «սիւննի արաբներն ու Իսլամ եղբայրները մէկ օրակարգ չեն»`վստահեցնելով, որ իր երկիրը որեւէ երկրի կամ խմբաւորումի հետ Սուրիոյ շահերուն դէմ խորհրդակցութիւններ չէ կատարած: Ան ըսաւ, որ «երբ որեւէ հարցի նկատմամբ մեր կեցուածքը կը զարգանայ, այդ մէկը կը կատարենք բարոյական արժէքներու ծիրին մէջ»:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ նկատմամբ գաղտնի օրակարգ մը չունի ` նշելով, որ որեւէ երկիր սուրիական տագնապը լուծելու համար Թուրքիոյ չափ ջանք չէ թափած: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ նոր սահմանադրութեան շուրջ կատարուած հանրաքուէին, ան ըսաւ, որ ատիկա «ուշացած նախաձեռնութիւն» է:

«Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ 37 սուրիացի զինուորներ եւ սպաներ դասալիք ըլլալով Թուրքիա ապաստանած են:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ Ֆրանսա կը սպասէ, որ սուրիական կառավարութիւնը աշխատանք տանի, որպէսզի ֆրանսացի լրագրող Էտիթ Պովիէ ապահով եւ արագ կերպով հեռանայ Հոմսէն, մասնաւորաբար Պապա Ամրոյի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու ճամբով: Ան նշեց, որ «Ֆրանսա իր ուժերը կը հաւաքէ Հոմսի մէջ բանտարկուած իր քաղաքացիները հեռացնելու երկուշաբթի օր նախատեսուած գործողութիւն մը յաջողցնելու:

Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին հրապարակած մէկ զեկուցումը կը նշէ, որ Սէուտական Արաբիա սկսած է սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու, եւ սուրիական ընդդիմութեան մէջ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ թագաւորութեան դաշնակից ցեղախումբերու ճամբով զէնքեր սկսած են սուրիացիներուն հասնիլ:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարներէն մէկը յայտնած է, որ իրենք ֆրանսացիներէն եւ ամերիկացիներէն կը ստանան զինամթերք, ներառեալ` հակաօդային զէնքեր: Ան խոստացած է, որ մինչեւ յառաջիկայ տասը օրը «մարդիկ լաւ լուրեր պիտի լսեն»:

Մինչ «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Փենթակոն պատրաստած է սուրիական վարչակարգը թիրախ դարձնող զինուորական գործողութեանց մանրամասն ծրագիրներ, որոնք պատրաստ են գործադրութեան եւ Սպիտակ տան հրամանին կը սպասեն, Պէյրութի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը անցեալ շաբաթ գաղտնաբար Ռիատ այցելած է եւ այդ այցելութեան կամ քննարկուած նիւթերուն բնոյթին մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուած է:

Share this Article
CATEGORIES