Խմբագրական. Սահմանադրական Խորհուրդին Քաղաքական Գրաքննութիւնը
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի արգելակումը` ժխտողականութեան քրէականացման օրինականացման, հիասթափութեան յուզական նոր ալիք պէտք չէ բարձրացնէ հայութեան մօտ: Այնպէս, ինչպէս Ազգային ժողովին եւ ծերակոյտին քուէարկութիւնները երախտագիտական զեղումնային հակազդեցութիւններ պէտք չէ ստեղծէին հայ զանգուածներուն մօտ:
Քաղաքական սառնասիրտ տրամաբանութիւնը պարտադիր է դէպքերուն ընթացքը գնահատելու, իւրաքանչիւր հանգրուանի քաղաքական շարժառիթները ընկալելու եւ նման մօտեցումներու վրայ հիմնուած մեկնաբանութիւն կատարելու կամ համապատասխան կանխատեսումներ ընելու:
Այս առումով ալ ո՛չ Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի քննարկումներն ու քուէարկութիւնները հայամէտ որակումներով պէտք է բնութագրել եւ ո՛չ ալ Սահմանադրական խորհուրդին արգելակումը հակահայ տրամադրութիւններով պէտք է մեկնաբանել: Խնդիրը զուտ Ֆրանսական քաղաքականութեան պարունակին մէջ տեղադրելով թէ՛ ներքին ընտրական եւ թէ՛ Փարիզ-Անգարա պարանաձգութեան, թէ՛ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար կատարած նկրտումներուն եւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող գործընթացներուն հետ կապուած է բացառապէս: Այստեղ պատմական ճշմարտացիութիւնը կամ մարդկային իրաւունքները կարգախօսային ընկալումներ ունին եւ պարզապէս քաղաքականութիւն իրականացնելու աշխատանքին կը ծառայեցուին:
Պահ մը նայինք սակայն, որ Սահմանադրական խորհուրդի արգելակման նախօրեակին ի՛նչ կը կատարուէր Թուրքիոյ մէջ: Ծերակոյտի որոշման նախօրեակին թուրք հասարակութիւնը կը հակազդէր Հրանդ Տինքի սպանութեան ձգձգուած դատավճիռին, որ ի դէպ, ոչ միայն հասարակութեան, այլ նաեւ պաշտօնական Անգարայի ներկայացուցիչներուն եւ զաւեշտալի ցուցադրութեամբ մը նաեւ դատական իշխանութիւններուն անբաւարարուածութեան եւ դժգոհութեան ալիքի բարձրացման տեղի կու տար: Զանգուածային այս երեւոյթը լրիւ կը շահարկուէր Եւրոպային եւ յատկապէս Փարիզին պատգամ փոխանցելու համար:
Հիմա, Սահմանադրական խորհուրդի որոշումի նախօրեակին զանգուածային այլ ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուէր Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Ուժի ցուցադրութեան առիթ պէտք էր հայկական թեմաներով թուրք ազգայնականութիւնը փողոց իջեցնելու: Օգտագործուած թեման այս պարագային Խոջալուն էր, որուն դատապարտման համար թրքական աննախադէպ տարողութեամբ ցոյց պէտք էր եւ որուն ընթացքին հայատեացութեան աստիճանաչափը նոր մրցանիշեր պէտք էր արձանագրէր: Խոջալուի դատապարտման նպատակով Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենան միաժամանակ թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Պոլսոյ մէջ կազմակերպած էր աննախընթաց տարողութեամբ ցոյցեր, յայտնապէս թիրախ ունենալով ոչ միայն Խոջալուի դատապարտումը: Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը ստացած էր անհրաժեշտ պատգամը` «սեւ ծաղկեպսակ»-ը: Մեր պաշտօնակից «Մարմարա»-ն նկատառելի դիտարկում կատարած է, Պոլսոյ ցոյցերուն մէջ նկատելով ընկերվարական ազրպէյճանցիներու շարժումը, որ պահանջած է չշահարկել Խոջալուն Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու պահանջներուն մէջ: Խնդիրը այստեղ, աւելի կը վերաբերի Խոջալուի առաջնահերթութիւնը չստուերելու համաազրպէյճանական մօտեցումին, ինչ որ իր կարգին կը բացայայտէ Խոջալուի պատրուակով ժխտողական քաղաքականութեան ներկայ արարը լիարժէք օգտագործելու պաշտօնական Անգարայի քաղաքականութիւնը:
Կ՛արժէ անգամ մը եւս ընդգծել ներֆրանսական հակասութիւնները, պարզապէս լոյսին բերելու համար Սահմանադրական խորհուրդին կատարած զուտ քաղաքական գրաքննութիւնը: Միայն այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս սահմանադրական կարելի է նկատել հրէական ողջակիզումը ժխտող Կեսոյի օրէնքը եւ հակասահմանադրական յայտարարել Ֆրանսայի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագիծը, կը բաւէ համոզուելու, որ կատարուածը ոչ թէ սահմանադրական արգելակում է, այլ քաղաքական գրաքննութիւն: Հայկական կողմին համար ցաւ է անշուշտ նկատելը, որ Ցեղասպանութիւնը հերթական անգամ խաղաթուղթ է մարտավարական ժամանակաւոր խաղեր իրականացնելու համար: Այդ խաղին հերթական արարը նոր օրինագիծի խոստումն է, մշակումը եւ նոյն ընթացակարգի վերսկսումը:
Հայկական կողմը, հեռու` երախտագիտական յուզականութենէ կամ հիասթափութեան նոր ալիքներէ, Ֆրանսայի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ դիտելով խնդիրը, պարզապէս քաղաքական նպաստաւոր պահերուն քարոզչաքաղաքական ազդեցիկ գործողութիւններ իրականացնելու համար դիրքերը պահելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Մանաւանդ որ Ֆրանսան անգամ մը եւս հասկցուց, որ սահմանադրական եւ իրաւական խնդիրները քաղաքական պահու ազդեցութեան տակ որոշուելիք հարցեր են: