«Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին Որոշումը Աշխարհի Վերջը Չէ» Կ՛Ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին  ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ոչ սահմանադրական ճանչնալու որոշումը տակաւին աշխարհի վերջը չէ: Ան նշեց, որ այս անգամ յաղթեց թրքական ճնշումը եւ որոշ առումով նաեւ կաշառքը:

«Սահմանադրական խորհուրդին մէջ կան մարդիկ, որոնք մաս կը կազմեն թրքամէտ կազմակերպութիւններու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արդէն պարզ է, թէ որոշումին կայացման ձեւը այնքան ալ անբիծ չէ, եւ թրքական խոստումներն  ու կաշառքները իրենց դերը ունեցած են:

Մանոյեան նշեց, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը պատրաստ է պայքարելու այնքան ժամանակ, մինչեւ որ օրինագիծը ընդունուի:

 

Share this Article
CATEGORIES