Հայաստանի Նախագահը Սինկափուր Պիտի Այցելէ

Պաշտօնական այցելութեամբ Սինկափուր գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունուեցաւ Սինկափուրի նախագահ Թոնի Թան Կեն Եամի կողմէ:

Նախագահը յայտնեց, որ հայերը խոր հետք ձգած են Սինկափուրի պատմութեան մէջ եւ մեծ ներդրում ունեցած պետութեան զարգացման գործին մէջ, որուն վառ վկայութիւնն է այն հանգամանքը, որ Սինկափուրի ազգային խորհրդանիշ հանդիսացող օրքիտիա ծաղիկը անուանակոչուած է ծագումով հայ սինկափուրցի Վանտա Ժոաքիմի անունով: Ան նշեց, որ երկրին մէջ առաջին եկեղեցին դեռ 19-րդ դարուն կառուցած են քրիստոնեայ հայերը:

Նալբանդեան նախագահ Թոնի Թան Կեն Եամին փոխանցեց Հայաստանի նախագահի ողջոյնները ու բարեմաղթանքները: Ան նշեց, որ 2009 թուականին Սինկափուրի աւագ նախարար Լի Կուան Եուի այցելութիւնը Հայաստան նոր էջ բացաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, եւ վստահութիւն  յայտնեց, որ սինկափուրցի պաշտօնակիցին հրաւէրով Հայաստանի նախագահին պետական այցելութիւնը Սինկափուր նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական գործակցութեան զարգացման:

Թոնի Թան Կեն Եամը խնդրեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցել, որ Սինկափուրի մէջ ուրախութեամբ եւ ջերմութեամբ կը սպասեն երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահին առաջին այցելութեան:

Նոյն օրը տեղի ունեցան Նալբանդեանի եւ Սինկափուրի արտաքին գործոց նախարար Կ. Շանմուքամի միջեւ բանակցութիւնները, որոնց օրակարգին վրայ կը գտնուէին Հայաստանի նախագահին Սինկափուր  այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները եւ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Սինկափուրի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց նաեւ 1835 թուականին կառուցուած հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES