Նախագահ Սարգսեան Հրաւիրեց Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

Նիստէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2012-2013 թուականներու նախաձեռնութիւններու ցանկին նախագիծը եւ Հայաստանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան նախագիծը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ յանձնարարականներ տուաւ համապատասխան նախարարութիւններու ղեկավարներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES