Էն. Պի. Էյ. – Նիքս Յաղթեց Քաւալիրզի. Պուլզի 29-րդ Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Նիւ Եորք Նիքս յաղթեց Տալաս Մավըրիքսի` 120-103 արդիւնքով: Նիքս այսպիսով արձանագրեց իր 18-րդ յաղթանակը, մինչ Քաւալիրզ կրեց իր 20-րդ պարտութիւնը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 22 կէտ, մինչ Անթոն Ճեմիսըն (Քաւալիրզ)` 23 կէտ:
Շիքակօ Պուլզ արձանագրեց իր 29-րդ յաղթանակը` 96-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզը:
Ինչ կը վերաբերի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, անիկա արձանագրեց իր 21-րդ յաղթանակը` 104-85 արդիւնքով յաղթելով Մինեսոթա Վուլվզի: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օքլահոմա Սիթի – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 92-88
Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 102-95
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Աթլանթա Հոքս 85-82
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 102-96
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շարլոթ Հոռնեթց 109-94
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 120-103
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ 95-84
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մավըրիքս 96-85
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 104-95
Շիքակօ Պուլզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 96-89
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 104-83
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 104-85
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի
Ֆէօնիքս Սանզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ