ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԱՂԸ` ՀՄԸՄ-ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ – ՊՇԱՄՈՒՆ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 ապրիլին, ՀՄԸՄ- Պուրճ Համուտի կազմը պիտի մրցի Պշամունի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այս մրցումին յաղթելու վճռականութեամբ դաշտ ներկայանալ եւ խմբային խաղարկութիւն կիրարկելով մրցակից կազմէն խլել առաւելագոյն երեք կէտը:

Share this Article
CATEGORIES