8 ՄԱՐՏԸ` ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
Քանի մը օրէն` 8 մարտին կը նշուի Կիներու միջազգային օրը: Տօն, որ կիներուն դիւրին չէ տրուած: Կիները, իրենք, պայքարելով իրենց իրաւունքներուն համար, ունեցած են այս օրը: Տօնը մէ՛կ մոռացութեան մատնուած եւ մէ՛կ նորէն վերագտած է իր իմաստը: Այսօր, սակայն, աշխարհի ոչ բոլոր երկիրներուն մէջ է, որ կը նշեն զայն:
Կիներու օր եղած է տակաւին Հին Հռոմի մէջ. կը մեծարէին մատրոնները` ազատածին եւ ամուսնացած կիները: Այդ օրը մատրոնները նուէրներ կը ստանային իրենց ամուսիններէն եւ կը շրջապատուէին սիրով ու մեծ ուշադրութեամբ: Հին Հռոմի մէջ կիներու օրը չէին անտեսուեր նաեւ ստրկուհիները. անոնց նոյնպէս նուէրներէն բաժին կը հասնէր, ինչպէս նաեւ այդ օրը հանգիստի իրաւունք կ՛ունենային: Հին աշխարհին մէջ այդ օրը կիները կը հագնէին ամենալաւ հագուստները, հոտաւէտ ծաղիկներով հիւսուած պսակներ կը դնէին իրենց գլուխներուն եւ կ՛այցելէին ընտանեկան օճախը պահպանող Վեսթա աստուածուհիին տաճարը:
Կիներու հանդէպ ուշադրութիւնը, ցաւօք, Հին Հռոմէն չէ փոխանցուած նոր քաղաքակրթութիւն: Կիներն իրենք ոտքի ելած են` պայքարելու իրենց իրաւունքներուն համար, չմտածելով անգամ, որ այդ պայքարին իբրեւ արդիւնք` պիտի ունենան տօն: 1857 թուականի 8 մարտին Նիւ Եորքի թելահիւս կերպասեայ հագուստներու գործարաններու կին աշխատողները իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ցոյց կազմակերպած են քաղաքի փողոցներուն մէջ: Պատճառը ցած ամսականներն ու աշխատանքի վատ պայմաններն էին. անոնք մասնաւորապէս կը բողոքէին 16-ժամեայ աշխատանքի եւ աշխատանքային ոչ բարենպաստ պայմաններուն դէմ:
Կէս դար անց նիւեորքեան ընկերվար-ժողովրդավարական կազմակերպութեան գործիչները կը յիշեն 1857 թուականի կերպասագործներուն բողոքի երթը, եւ 1908-ի 8 մարտին կրկին ցոյց մը կը կազմակերպուի կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: 1909 թուականին Ամերիկայի ընկերվարական կուսակցութիւնը փետրուարի վերջին կիրակին կը հռչակէ Կիներու ազգային օր:
1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կին ընկերվարականներու միջազգային համաժողովը, որուն ընթացքին յեղափոխական Քլարա Ցեթքինը կ՛առաջարկէ 8 մարտը նշել իբրեւ աշխատաւոր կին դասակարգի ծննդեան օր եւ անոնց համար սահմանել ամէնամեայ տօն մը (սակայն տօնին թուականը չի որոշուիր): Սկզբնական շրջանին Կիներու միջազգային օրը կը նշուէր 19 մարտին. առաջին անգամ անիկա նշուած է 1911 թուականին` չորս երկիրներու մէջ միաժամանակ (Աւստրիա, Գերմանիա, Դանիա, Զուիցերիա): 1912-ին օրը կը նշուի դարձեալ քիչ թիւով երկիրներու մէջ, այս անգամ` 12 մարտին: 1913-ին կիներու օրը Գերմանիոյ մէջ կը նշուի 12 մարտին, Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ մէջ` 9 մարտին, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ` 2 մարտին: Եւ միայն 1914 թուականի 8 մարտին տօնը միաժամանակ նշուած է վեց երկիրներու մէջ` Աւստրիա, Դանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Ռուսիա եւ Զուիցերիա, քանի որ այդ օրը կիրակի էր եւ` ոչ աշխատանքային:
Առաջին Աշխարհամարտը Եւրոպային կը ստիպէ մոռնալ տօները, բայց Ռուսիոյ մէջ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք Կիներու միջազգային տօնը կրկին կը յիշուի եւ կը ստանայ պաշտօնական տօնի կարգավիճակ: Ընդհանրապէս, պատմաբաններու ու քաղաքագէտներու համոզմամբ, Ռուսիոյ մէջ տօնի հանդէպ մեծ ուշադրութիւնը պայմանաւորուած է հակակրօնական նկատառումներով, քանի որ անիկա ստուերի մէջ կը ձգէր ուղղափառ եկեղեցիի գարնան սկիզբի տօնաշարը: 8 մարտը առիթ էր, որպէսզի խորհրդային ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղէր կրօնական տօներէն:
1965-էն Խորհրդային Միութեան մէջ օրը նկատուեցաւ ոչ աշխատանքային:
1975 թուականին խորհրդային գաղափարախօսները յաջողեցան հասնիլ անոր, որ ՄԱԿ-ը 1975 թուականը ճանչնայ Կիներու միջազգային տարի, որմէ ետք նոյն կառոյցը 1977 թուականին 8 մարտը արդէն հռչակեց Կիներու միջազգային տօն: Սակայն փաստօրէն 8 մարտը այսօր մեծ շուքով կը նշեն միայն նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները: Եւրոպական շատ մը երկիրներու մէջ 8 մարտը գրեթէ մոռացութեան մատնուած է կամ չի նշուիր մեծ շուքով: Անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ փորձեր կատարուեցան` 8 մարտը հանել տօնացոյցէն եւ փոխարէնը 7 ապրիլը հռչակուեցաւ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր, սակայն 8 մարտը այնքան խոր արմատներ ձգած եւ դարձած էր հայերու սիրուած տօներէն, որ արդէն ձեւաւորուած աւանդութեան հակառակ երթալը անիմաստ էր, եւ 8 մարտը վերականգնուեցաւ: Աւելի՛ն. 8 մարտէն 7 ապրիլը ոչ պաշտօնապէս Հայաստանի մէջ կը նկատուի կիներու միամսեակ:
Լիբանանի մէջ նոյնպէս վերջին շրջանին միտում կայ նշելու 8 մարտը` իբրեւ Կիներու միջազգային օր:
Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ