Իրանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Երէկ առաւօտեան Իրանի մէջ ընթացք առաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը եւ առաջին քուէարկողը եղաւ երկրին գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին:
Իրանի երկու ընդդիմադիր խմբաւորումները պոյքոթի կ՛ենթարկեն ընտրութիւնները` յայտնելով, որ անոր արդիւնքը նախօրօք ճշդուած է, իսկ խմբաւորումներուն ղեկավարները կը շարունակեն տնային կալանքի տակ ըլլալ:
Սակայն Խամենէի ժողովուրդին ազգայնական զգացումներուն դիմելով յայտնեց, որ այս օրերուն իրանցի ժողովուրդին դէմ բազմաթիւ սպառնալիքներ կան: Զանոնք ամէնուրեք կը լսէք: Ամբարտաւան ուժերը բազմաթիւ մարզերու մէջ ձախողած են: Անոնք չեն դադրիր աղմկելէ»:
Բարեկարգչական հոսանքի բացակայութեան պատճառով ընտրութիւնը պահպանողականներու միջեւ պայքար մըն է եւ կը թուի Խամենէի ու Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի միջեւ բազկամարտ մը ըլլալ:
Երէկուան ընտրութիւնները 2009-ին Ահմատինեժատի վիճելի վերընտրութենէն ետք երկրին մէջ կայացած առաջին մեծ քուէարկութիւնն է: Առաջադրուած են 3444 թեկնածուներ, որոնց շարքին` Ջուղայի մէջ Ռոպերթ Բեգլարեան, իսկ Թեհրանի մէջ` Կարէն Խանլարեան:
Նշենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը: