Նախագահ Սլէյման Աւարտեց Չեխիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ աւարտեց Չեխիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Փրակայի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի պատկանող քարիւղի եւ բնական կազի հանքերը սեփականացնելու որեւէ փորձ պիտի արդիւնաւորուի պատերազմով: Ան զգուշացուց, որ եթէ որեւէ մէկը փորձուի Լիբանանի քարիւղի իրաւունքներուն վրայ ձեռք դնել, ապա պատերազմ պիտի սանձազերծուի:
Անդրադառնալով «Արաբական գարնան», նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց բոլորին բռնկած հրդեհը աւելի չհրահրելու` աւելցնելով, որ Լիբանան չի փափաքիր, որ արաբական երկիր մը մեկուսանայ:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ «Հերսթալ» վաճառանիշով զէնքի արտադրութեան ընկերութեան մէկ պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման ծանօթացաւ այդ ընկերութեան արտադրութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ Չեխիա օժանդակէ Լիբանանին` անոր բանակին զէնքեր տրամադրելով:
Նախագահ Սլէյման այցելեց Չեխիոյ Վիքթովի յուշարձանը, ուր ան ծաղկեպսակ մը զետեղեց անյայտ զինուորի յուշարձանին:
Նախագահ Սլէյման, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան հետ ներկայ գտնուեցաւ Չեխիոյ նախագահ Վաքլաւ Քլաուսի կողմէ ի պատիւ Լիբանանի պատուիրակութեան սարքուած ընթրիքին:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է պահպանել իր ապահովական կայունութիւնը եւ գիտցած է, թէ ինչպէ՛ս ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ Սուրիոյ տագնապէն:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին համար գտնելու քաղաքական լուծում մը` ամէնէն մօտիկ ապագային:
Իր կարգին, Քլաուս յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է իր շրջակայքին:


