Սարգսեան Եւ Նալբանդեան Ընդունեցին Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Նախագահ Սարգսեան` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող  նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին հետագայ քայլերը:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան 23 յունուարին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հրապարակած միացեալ յայտարարութեան իրագործման ուղիներուն:

Այդ առումով նախարար Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ վերջին շրջանին Պաքուէն կը հնչեն Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հակասող յայտարարութիւններ, որոնք անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Ազրպէյճանի մէջ լրջօրէն չեն վերաբերիր իրենց իսկ կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES