ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Նախագահ Սարգսեանի ելոյթը` պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին

«Մենք պատրաստակամ ենք եւ կը ցանկանք Զուիցերիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնել», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` նախանցեալ երեկոյեան ի պատիւ Զուիցերիոյ նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյի տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին:

«Այդ ցանկութիւնը հիմնուած է շատ պարզ ճշմարտութիւններու վրայ. դուք` իբրեւ պետութիւն, յաջողած էք դառնալ ժողովրդավար երկիր, ստեղծած էք հզօր տնտեսութիւն, յաջողած էք շատ բարձր մակարդակով լուծել ձեր ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական խնդիրները: Ձեր երկրին եւ իշխանութիւններուն համար համամարդկային արժէքները շատ բարձր են եւ նոյնիսկ բազմաթիւ պարագաներու դուք հաշուի չէք առներ այն փաստը, որ այդ համամարդկային արժէքները գնահատելու ընթացքին դուք կրնաք որոշակի դժուարութիւններ ունենալ», յայտնեց Սերժ Սարգսեան: «Այս առումով, ի հարկէ, հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Զուիցերիոյ կառավարութեան, ժողովուրդին, խորհրդարանին, որ ճանչցաք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անով անգամ մը եւս ձեր վերաբերմունքը ցուցաբերեցիք ցեղասպանութեան ոճիրին նկատմամբ», աւելցուց նախագահ Սարգսեան:

Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, Զուիցերիոյ նախագահը մասնաւորաբար նշեց, որ 1988-ին Հայաստանը պատուհասած աղէտին յաջորդած շրջանին հրատապ օգնութիւն ցուցաբերելէն ետք, Զուիցերիա կը շարունակէ համագործակցութեան ծրագիրները Հայաստանի մէջ:

Միշլին Քալմի-Ռէյ ընդգծեց, որ Զուիցերիոյ եւ Հայաստանի փոխադարձ յարաբերութիւնները միայն կառավարութեան շփումներով չեն սահմանափակուիր: Զուիցերիոյ մէջ կ՛ապրին հայկական ծագումով բազմահազար հայեր: Ըստ անոր, Զուիցերիոյ բնակչութիւնը մեծ համակրանքով կը վերաբերի հայերուն:

Զուիցերիոյ նախագահը նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ մայիսին Հայաստանի նախագահը ընդունիլ Զուիցերիոյ մէջ` պաշտօնական այցելութեան մը ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES