Պաապտայի Մէջ Նախագահ Սլէյման-Զօր. Աուն-Ռայի Պատրիարք Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կիրակի, 4 մարտի երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, որոնց կարգին պետական նշանակումներուն, ընտրական օրէնքին, պետական պիւտճէի նախագիծի վաւերացման թղթածրարները:
«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Ռայի պատրիարքին մօտիկ աղբիւրներ իրենց կարգին հաստատեցին, որ նախագահ Սլէյմանի, զօր. Աունի եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որ տեւած է շուրջ երկուքուկէս ժամ, ընթացած է բացառիկ դրական մթնոլորտի մէջ:
Նոյն աղբիւրները նկատել տուած են, որ քննարկուած են շարք մը փշոտ հարցեր, որոնց շուրջ փոխըմբռնում գոյացած է:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է որդեգրեն այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը նպաստեն երկրին պետական պիւտճէին կացութեան բարելաւման:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան յատուկ հարցեր ու ծրագիրներ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Սամիր Ազար, Մանսուր Ղանեմ Պոն եւ Ֆարես Սուէյտ, որոնք քննարկեցին Լիբանանը յուզող հարցերը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցաւ Տոհա, ուր պիտի մասնակցի արհեստագիտութեամբ աղքատութեան դէմ պայքարելու յատկացուած վեհաժողովին: