Միջին Արեւելքի Մէջ Կրօնական Խաղաղութեան Միջավայրի Ստեղծման Համաձայնութեան Գոյացման Հարցով. Տաւութօղլու Այցելեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միջին Արեւելքի եւ շրջանին մէջ կրօնական խաղաղութեան միջավայրի ստեղծման շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերման նպատակով կ՛այցելէ Պոլսոյ կրօնական համայնքներու ղեկավարներուն: Այդ ծիրին մէջ ան կիրակի օր այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ, Արամ արք. Աթեշեանին:
Հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու լրագրողներուն յայտնած է, որ Թուրքիա ցեղային կամ կրօնական անջատողականութիւն չհանդուրժող, բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ հաւասար մօտեցում ցուցաբերող պետութիւն է: «Միջին Արեւելքի մէջ վճռորոշ ժամանակահատուածի մէջ կը գտնուինք, եւ կարեւորագոյն հարցերէն մէկը կրօնական համայնքներուն միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտի ստեղծումն է ու ատոր դրսեւորումը նաեւ քաղաքականութեան մէջ», ըսած է Տաւութօղլու:
Արամ արք. Աթեշեան իր կարգին նշած է, որ մինչեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալը ոչ մէկ նախարար կամ երեսփոխան պատրիարքարան այցելած է: Ան կարեւոր նկատած է Թուրքիոյ կեանքին մէջ հայ համայնքի դերակատարութիւնը եւ նշած, որ «եթէ հայ համայնքը դուրս հանուի, Թուրքիոյ մէկ ոտքը կաղ պիտի դառնայ»:
Աթեշեան փափաք յայտնած է, որ թրքական խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններ, իսկ կառավարութեան մէջ` նախարարներ ըլլան:


