«Սպառնալիքի Պարագային Միացեալ Նահանգներ Իրանի Դէմ Ուժ Պիտի Կիրարկեն» Կ՛Ըսէ Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ուաշինկթընի մէջ ԷՅՓԱՔ հրէական լոպիին առջեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի հիւլէական զէնք ունենալը կանխարգիլելու համար ուժի կիրարկումէն ետ պիտի չկանգնին: Ան աւելցուցած է, որ դիւանագիտական ջանքերը տակաւին կրնան ցանկալի արդիւնքի հասնիլ:
Վերջերս Իրանի շուրջ լարուածութեան պատճառով շրջանառութեան մէջ դրուած է այն տեղեկութիւնը, թէ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ կամ առանց ատոր կրնայ իրանեան հիւլէական կառոյցները հարուածել:
«Ես մէկ անգամ չէ, որ հասկցուցած եմ, որ ուժի գործադրութենէն ետ պիտի չկենամ, եթէ ատիկա Միացեալ Նահանգներու եւ անոր շահերուն պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ ըլլայ», ըսած է Օպամա:
Միեւնոյն ատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած է, որ Իրան այժմ մեկուսացման մէջ է, եւ «հաւանականութիւն կայ, որ ճնշումներով ուղեկցուող դիւանագիտութիւնը պիտի տայ իր պտուղները»:
«Այժմ շատ կը հնչեն պատերազմի մասին դատարկ խօսակցութիւններ: Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին այդպիսի խօսակցութիւնները իրանեան ղեկավարութեան օգտին էին, որովհետեւ կը նպաստէին քարիւղի գինի բարձրացման, որմէ կախեալ է (Իրանի) հիւլէական ծրագիրի ֆինանսաւորումը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես, որ իր կարգին ԷՅՓԱՔ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին խօսք արտասանած է, Իրանը անուանած է «աշխարհի սպառնալիք»: Ըստ անոր, Իրան ունի «վնասակար, դաժան եւ բարոյապէս փտած վարչակարգ մը», որ կը փորձէ Միջին Արեւելքը առնել իր հսկողութեան տակ:


