Էրտողան Կը Պահանջէ «Անմիջապէս» Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Միջանցքներ Բանալ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութեանց առջեւ «անմիջապէս» մարդասիրական միջանցքներ բանալու: Ան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` այս հարցով Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելու:

Ան ըսաւ, որ աշխարհը Պաշշար Ասատի հօրմէն հաշիւ չպահանջեց, սակայն Պաշշար Ասատէն պիտի պահանջէ: «Ժամանակն է, որ սուրիական քաղաքներուն մէջ պատահած արիւնահեղութիւնը անպատասխան չմնայ», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «Արաբական լիկայի ծրագիրը պէտք է գործադրուի»` աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը առանձին չէ եւ երբեք առանձին պիտի չմնայ:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Ախպար Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Թուրքիա չի կրնար առանձնաբար Սուրիոյ մէջ ապահով միջանցքներ ստեղծել: Մենք այդ հարցով Արաբական լիկայի եւ արտաքին կողմերու հետ համակարգում կը կատարենք, որովհետեւ ապահով միջանցքներ ստեղծելու հարցը ՄԱԿ-ի որոշումի կը կարօտի, եւ եթէ այդ մէկը կարելի չեղաւ, անհրաժեշտ է այլընտրանքներ փնտռել, որպէսզի միջազգային ընտանիքը այս առումով իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնի»:

Հիւրմիւզլիւ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ անջատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, մարդկութեան դէմ ամէն օր գործուող ոճիր է: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը արգելք կը հանդիսանայ, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասնին այդ երկրին պաշարուած թաղամասերուն, որոնք մարդասիրական աղէտ մը կ՛ապրին:

Հիւրմիւզլիւ այդ մէկը ոճիր մը նկատեց, որուն համար պէտք է վարչակարգը հաշուետուութեան կանչուի` շեշտելով, որ այս հարցին վերջ տալու միակ ճամբան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նշածին նման եմէնեան տարբերակն է, այսինքն` նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն կը հեռանայ, իշխանութիւնը կը յանձնէ, ապա սուրիացի ժողովուրդին կամքը ներկայացնող նախագահական եւ խորհրդարանական ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կը կատարուին:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները Արաբական լիկայի, դաշնակից եւ բարեկամ երկիրներու հետ, ինչպէս նաեւ «այն երկիրներուն հետ, որոնք օգնեցին Սուրիոյ մէջ այս կացութեան հասնելուն եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունքը օգտագործեցին` ըսել կ՛ուզեմ` Չինաստանն ու Ռուսիան»:

Մինչ այդ, Ռուսիա արեւմտեան երկիրներուն կոչ ուղղեց Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան ընթացքին Վլատիմիր Փութինի յաղթանակէն ետք Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն մը չսպասելու: «Կ՛ուզենք մեր ամերիկացի եւ եւրոպացի գործընկերներուն յիշեցնել, որ իրենց ցանկութիւնները իրականութեան հետ չշփոթեն», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման նկատմամբ ռուսական կեցուածքը երբեք կողմնակի դէպքերու կապուած չէ, եւ ի տարբերութիւն մեր կարգ մը արեւմուտքցի գործընկերներուն, ընտրական հոլովոյթներու հիմամբ չ՛որդեգրուիր»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ «Մոսկուա սուրիական հարցին նկատմամբ իր կեցուածքին ճշդութենէն վստահ է»:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական տագնապի զարգացումներուն մէջ բռնարարքներուն աճը «իսկական ջարդ» է: Ան ըսաւ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կեցուածքը սկզբունքային է եւ կը մարմնաւորէ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին խօսքերը: «Մեր միացեալ կեցուածքը սուրիացի ժողովուրդին աջակցիլն է, անոր տառապանքին վերջ տալը եւ անոր ձգտումներուն կողքին կանգնիլը»:

Share this Article
CATEGORIES