Պելճիքայի Մէջ «Ղարաբաղեան Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Բացառապէս Խաղաղ Միջոցներով» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սարգսեան եւ Ռասմուսեն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կտրականապէս կը մերժէ վստահութեան կառուցման որեւէ առաջարկ` ուղղուած շրջանային համագործակցութեան խթանման, կամ շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ Ազրպէյճան դժբախտաբար կը մերժէ հեռացնել արձակազէնները առաջին գիծէն եւ դէմ կը կանգնի միջադէպերու հետաքննութեան: Ըստ նախագահին, Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած պատերազմի կոչերը ոչ մէկ վայրկեան դադրած են եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հայերուն նկատմամբ ատելութեան սերմանումը: Նախագահ Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահը ընդամէնը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ ազրպէյճանցիներու թիւ մէկ թշնամին աշխարհասփիւռ հայութիւնն է: Նախագահը շեշտեց, որ այս հանգամանքը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան գնահատականին:

Ան նշեց, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նոյնպէս համամիտ է, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութիւններու ճամբով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ: «Համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծումը կարելի է միայն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգման եւ ապահովութեան համակողմանի երաշխիքներու ապահովման միջոցով», ընդգծեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան իր Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի ծերակոյտի նախագահ Սապին Տը Պեթիունի եւ ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է ընդլայնելու եւ խորացնելու բազմաբնոյթ կապերը Պելճիքայի հետ, որ իր զարգացած տնտեսութեամբ կրնայ Հայաստանի համար լաւ օրինակ հանդիսանալ բարեփոխումներու իրականացման ճամբուն վրայ: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստան եւ Պելճիքա չափերով համադրելի երկիրներ են եւ Հայաստանի մէջ Պելճիքա մնայուն կերպով ընկալուած է իբրեւ զարգացման ուսանելի օրինակ:

Հայաստանի նախագահը եւ Պելճիքայի ծերակոյտի նախագահը կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ հետեւողական երկխօսութիւնը: Զրուցակիցները ընդգծեցին 2000 թուականի սկիզբէն երկու խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած հայ-պելճիքական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբերու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, որ լաւագոյնս կը ծառայէ հայ-պելճիքական բարեկամութեան խորացման, ինչպէս նաեւ եւրոպական ընտանիքին Հայաստանի աւելի մերձեցման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պելճիքայի խորհրդարանականներուն եւ հանդիպման առիթէն օգտուելով անգամ մը եւս ընդգծեց այն մեծ նպաստը, որ Պելճիքայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը բերաւ միջազգային հանրութեան: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ Պելճիքայի գործադրած ջանքերը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախագահը կարեւոր նկատեց հայ համայնքին հետ հանդիպումները` ընդգծելով Հայաստանի համար սփիւռքի անփոխարինելի դերը եւ նշանակութիւնը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուցիչներուն, որոնք ապացուցեցին, թէ կարելի է պելճիքացի ըլլալ եւ պահպանել, զարգացնել հայկական ինքնութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ հայկական համայնքը իւրօրինակ կամուրջ է տուեալ երկրին ու հայրենիքին միջեւ, եւ իր ցանկութիւնն է, որ այդ կամուրջը ամուր եւ անսասան ըլլայ:

Նախագահը ցանկաց, որ պելճիքահայերուն զաւակները եւ անոնց սերունդները պահպանեն հայկական ինքնութիւնը` նպաստելով հայ-պելճիքական բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման:

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Պելճիքայի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարին, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, շրջանի մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ շարք մը այլ հարցերու:

Նախագահը նշեց, որ վերջին շրջանին Հայաստան մեծ յառաջընթաց արձանագրած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ այսօր կը բանակցի մէկ կողմէ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին, իսկ միւս կողմէ խոր եւ համապարփակ առեւտուրի համաձայնագիրի եւ մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը դիւրացնելու շուրջ, ինչ որ զգալի խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընդլայնման եւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES