«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երկու խումբեր ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսը:
Արսենալ, որ երթին Իտալիոյ մէջ 4-0 արդիւնքով պարտուած էր Ա. Սէ. Միլանէն, թէեւ երէկ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պենֆիքան եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ռուսական ակումբը դուրս մնայ մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Զենիթ երթին 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).
—————- ԺԱՄ
Ափոյել Նիկոսիա – Լիոն (0-1) 21:45
Պարսելոնա – Պայէր Լեւերքուզըն (3-1) 21:45