Ըմբշամարտ. Եուրի Պատրիկէեւ Պիտի Փորձէ Մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն
«Արմենփրես» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի յառաջատար մարզիկ, աշխարհի ախոյեանութեան մրցանակակիր, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն յաղթած մարզիկ Եուրի Պատրիկէեւ ըսած է, որ ինք եւ հաւաքականին բոլոր մարզիկները պէտք է աշխատանք տանին Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիականի տոմս մը ապահովելու համար:
Պէյճինկի Ողիմպիականին պրոնզէ մետալի տիրացած Պատրիկէեւ «Արմենփրես»-ին ըսած է նաեւ, որ 9-12 մարտին Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին հայ ըմբիշները փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով Հայաստան պիտի վերադառնան մետալներով:
CATEGORIES Մարզական


