Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ամշիթ Երկրորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ամշիթ երկրորդ ճակատումը: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Նշենք, որ Ամշիթ այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ ՀՄԸՄ-ի վրայ` առաջին մրցումին 79-58 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած ըլլալուն համար:
CATEGORIES Մարզական