Կիներու Միջազգային Օրը Նշենք Իւրաքանչիւր Տարուան 8 Մարտին
Մարտ ամսուան ընթացքին մենք կը նշենք զանազան տօներ, ինչպէս` Գարնան առաջին օրը, Ուսուցչաց օրը եւ յատկապէս 8 Մարտը, որ հռչակուած է կիներու միջազգային օր:
Նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ 8 մարտը կիներու միջազգային օր է, արդեօք մտածած էք, որ ինչո՞ւ այրերու միջազգային օր չենք նշեր:
Պատասխանը յստակ է. այր մարդիկ իրենց ծնած վայրկեանէն արդէն իսկ մարդկային գետնի վրայ ստացած են իրենց իրաւունքները, մինչդեռ կիները իրենց միջազգային օրը նշող իւրաքանչիւր տօնակատարութեան ընթացքին դարձեալ ամբողջ աշխարհին պիտի յիշեցնեն իրենց կորսուած իրաւունքներուն մասին եւ պիտի պահանջեն զանոնք:
Աւելի՛ն. վերջերս լիբանանեան խորհրդարանը տուաւ որոշում մը, որուն հիման վրայ, 8 Մարտը հռչակուեցաւ «Այբուբենի օր» եւ կոչ ուղղուեցաւ բոլորին` նշելու այս տօնը:
Խորհրդարանին կողմէ տրուած այս որոշումը խոցելի է. անիկա կը մղէ կիները, յատկապէս`
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը կը հարց տալու, որ արդեօք միջազգային գետնի վրայ Կիներու միջազգային օր յայտարարուած այդ տօ՞նն ալ շատ կը գտնեն լիբանանցի կնոջ համար կամ արդեօք 8 Մարտին նշուող կիներու միջազգային օրը մոռցուա՞ծ է:
Բայց եւ այնպէս կինը իր անխոնջ աշխատանքներով եւ համբերութեամբ տակաւին կը սպասէ իր դերակատարութեան արժեւորման…
Նկատի ունենալով այս պատճառները, Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը կազմակերպած է տարեկան արշաւ մը` զօրակցելու համար կիներուն` խաղաղութեան պահպանման եւ որոշումներու տուչութեան մէջ:
Այս արշաւին նպատակն է մղել լիբանանեան պետութիւնը ստանձնելու իր յանձնառութիւնները եւ հանրային կեանքին մէջ ամրապնդելու կիներուն դերակատարութիւնը, քաղաքական կեանքին մէջ ապահովելու անոնց մասնակցութիւնը եւ պետական հաստատութիւններու ու ղեկավար դիրքերու պարագային հզօրացնելու անոնց ներկայութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նաեւ մշակել ազգային ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ վաւերացնել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ առիթ կու տայ կիներուն, գտնուելու որոշումի տուչութեան դիրքին վրայ:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած այս տարուան արշաւը երրորդն է` նկատի ունենալով, որ առաջին արշաւը, որ գործադրուած է 2010-ին, կեդրոնացած է քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն կիներուն մասնակցութեան վրայ, իսկ երկրորդ արշաւը` 2011-ին, կիներուն դէմ բանեցուող տնտեսական խտրութեան ջնջումի արշաւի վերածուեցաւ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կին երեսփոխաններուն համեմատութիւնը երբեւէ 4,6 առ հարիւրի համեմատութիւնը չէ անցած, իսկ ներկայիս ան 3,1 առ հարիւր է:
2010-ին տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն հիման վրայ, քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ կիներուն ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը վերածուեցաւ 4,3 առ հարիւրի:
Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան որոշ համեմատութեան մը ճշդումը դրական նախաձեռնութիւն կը նկատուի: Անոր նպատակն է քաջալերել կիները` իրենց թեկնածութիւնը առաջադրելու եւ քաղաքական ու ընտրական աշխատանքին մաս կազմելու:
Կիներու ներկայացուցչութեան որոշ համեմատութիւն մը որդեգրելու քայլը առաջին հերթին շատ աւելի գործնական է եւ լուծումներ կրնայ ապահովել խորհրդարանին մէջ կին ներկայացուցիչներու բացակայութեան հարցին, քան արմատական լուծումներ գտնելու եւ ամբողջ ընկերութեան համոզումը ու մշակոյթը փոխելու նպատակով քայլերու որդեգրումը:
Պահանջուածը այն է, որ որդեգրուին այնպիսի օրէնքներ, որոնք ոչ միայն կ՛ընդունին իգական եւ արական սեռին հաւասարութիւնը, այլեւ կ՛անցնի այդ իրաւունքները գործադրելու հանգրուանին` առիթ տալով, որ գործնական գետնի վրայ, կիները իրենց իրաւունքները ստանան: Հետեւեալ ցուցակը ցոյց կու տայ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած կիներուն թիւերը` քաղուած CEDAW-ի 2006-ի տեղեկագիրէն:
Յիշենք, թէ խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան համեմատութեան (քոթայի) դրութիւնը որդեգրուած է աւելի քան յիսուն պետութիւններու կողմէ եւ Պանկլատեշ եղած է քոթան ընդունող առաջին պետութիւնը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ գործադրուած կիներու տնտեսական բարգաւաճման սեմինարին աւարտին մասնակիցներէն մէկը կը ստանայ իր վկայագիրն ու նիւթական փոխատուութիւնը:
Պատասխանատու դիրքերու վրայ եւ որոշումի տուչութեան մէջ կիներուն բացակայութեան կողքին, տնտեսական գետնի վրայ ինքնաբաւ ըլլալու կարգավիճակի ստեղծումը լիբանանցի կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն մէկը կը նկատուի: Այս առումով տնտեսական մարզին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը 22,3 առ հարիւր կը նկատուի, մինչդեռ այր մարդոցը` 73,4 առ հարիւր: Այս կը նշանակէ, թէ իգական սեռի շարքերուն մէջ մեծ թիւով համալսարանաւարտ կայ, սակայն գործնականին մէջ, անոնց դերակատարութիւնը կը մնայ շատ խեղճ:
Լիբանանի մէջ ծանօթ է, որ կիները քաղաքական կազմակերպութեան մը ղեկավարութեան մասնակից չեն դառնար եւ ընդհանրապէս անոնց դերակատարութիւնը նկատի կ՛առնուի ընկերային հարցերու պարագային, ինչ որ կը նշանակէ թէ կուսակցութեանց ղեկավարները կը շարունակեն կիները հեռու պահել քաղաքական բարձր դիրքերէ:
Խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գծով, կիներու դերակատարութեան վերաբերող յանձնառութիւններու գործադրութենէն կարեւորագոյնը կը նկատուի 2000-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին տուած թիւ 1325 բանաձեւին գործադրութիւնը:
Այս բանաձեւին համաձայն, բացայայտօրէն կը նկատուի, թէ կիները յստակ ներդրում պէտք է ունենան խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման մէջ: Իր բովանդակութեամբ այս որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն նկատուեցաւ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է աւելցնեն կիներուն ներկայացուցչութիւնը ազգային կառոյցներուն մէջ` որոշում տալու, եւ շրջանային թէ միջազգային տագնապները արգիլելու ու զանոնք լուծելու նպատակով:

2010-ին յայտարարուած քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցութեան արշաւին առիթով Պիէլի ցուցահանդէսին մասնակցութիւն:
Կիներ, իբրեւ նման տագնապներու զոհեր ներկայացնելէ ետք, այսօր միջազգային հանրութիւնը աւելի մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այդ տագնապներուն լուծման եւ խաղաղութեան հաստատման առումով կիներուն դերակատարութեան:
Այնուամենայնիւ, հակառակ պատերազմներու եւ տագնապներու հետեւանքներէն իր կրած տառապանքներուն, կինը այսօր հարկ եղածին չափ աշխոյժ աշխատանք չի տանիր եւ մասնակից չի դառնար այդ տագնապներուն լուծման, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը չէ ապահովուած` խաղաղութեան կերտման որոշումներ տալու դիրքերուն վրայ:
Այսօր դարձեալ ժամանակը հասած է, որ անգամ մը եւս բարձրաձայն պահանջենք իգական սեռի իրաւունքները` տնտեսական թէ քաղաքական: Շեշտենք, որ լիբանանցի կինը, այր մարդու կողքին, կրնայ իր ամբողջական պատասխանատուութիւնները ստանձնել եւ գործել բոլոր մարզերուն մէջ, մասնակից դառնալով երկրին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ ունենալիք իր ներդրումներով:
Լիբանանցի կինը, որ ինքզինք փաստած է բարձրագոյն ուսման եւ կրթութեան մարզին մէջ, կրնայ ատակ նկատուիլ նաեւ բոլոր մարզերուն պարագային…
1950-ին լիբանանցի կինը ստացած է քուէարկելու իր իրաւունքը: Այսօր սակայն ժամանակն է, որ ան ստանայ լիբանանցիներուն քուէները:
Հետեւեալ Տախտակը Ցոյց Կու Տայ,
Լիբանանի Մէջ Խորհրդարանի
Երեսփոխանական Ընտրութիւններու,
Կիներու Թիւը.
(Քաղուած Cedaw Report, Nclw 2006)
Ընտրական Տարի | Թեկնածու | Թեկնածութիւնը Յետս Կոչողներ |
Ընտրուածներ |
1953 | 1 | 1 | 0 |
1957 | 1 | 1 | 0 |
1960 | 2 | 0 | 0 |
1963 | 1 | 0 | 1 |
1964 | 2 | 1 | 0 |
1965 | 1 | 0 | 0 |
1968 | 2 | 1 | 0 |
1972 | 4 | 2 | 0 |
1991 | – | – | 1 |
1992 | 6 | 0 | 3 |
1996 | 11 | 1 | 3 |
2000 | 18 | 1 | 3 |
2005 | 14 | 0 | 6 |
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԻՆԵՐՈՒ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ