Պաղըշ Հոլանտացի Երեսփոխանը «Յիմար» Անուանած Է
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ նիստի` հարց ու պատասխանի ընթացքին վիճաբանութիւն ծագած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի եւ հոլանտացիները ներկայացնող երեսփոխան Պերրի Մատլեների միջեւ:
Հոլանտացի երեսփոխանը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չ՛ուզեր Թուրքիան իր կազմին մէջ տեսնել, որովհետեւ այդ երկրին մէջ իսլամութիւնը քննադատելը արգիլուած է:
«Դուք արդէն ինծի համար քննութեան պէս բան մը դարձած էք: Ամէն ժողովի ընթացքին ձեզի հետ կապուած խնդիր կ՛ունենամ», ըսած է Պաղըշ, ապա մէջբերած թրքական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Յիմարներու հետ վէճերուն ընթացքին ես երբեք չեմ յաղթած»:
Այսպիսի միջադէպ մը տեղի ունեցած էր նաեւ նոյեմբեր 2011-ին, երբ Մատլեներ փորձած էր Պաղըշին նուիրել ծաղրանկար մը, որուն վրայ գրուած էր. «Աստուած չկայ, կրօնները սուտ են»: Պաղըշ ոչ միայն նուէրը չէր ընդունած, այլ հոլանտացի երեսփոխանին խորհուրդ տուած էր զայն «աւելի համապատասխան տեղ» դնել:

