Գալստեան. «ՀՅԴ-ն Խորհրդարանին Մէջ Կիներու 30 Առ Հարիւր Ներգրաւուածութեան Կողմնակից Է»

Լիլիթ Գալստեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ ՀՅԴ-ն խորհրդարանին մէջ կիներու 30 առ հարիւր ներգրաւուածութեան կողմնակից է:

Ան նշեց, որ Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ-ի 16 պատգամաւորներէն 3-ը կին են, ինչ որ կիներուն նկատմամբ դրական վերաբերմունքի մասին կը վկայէ: Ըստ պատգամաւորին, ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակներուն մէջ անշուշտ պիտի պահպանուին օրէնքի պահանջները` կապուած ցուցակին մէջ կիներու 20 առ հարիւր ներգրաւուածութեան հետ:

«Ես մեր կուսակցութեան մէկ մասնիկն եմ, եթէ կուսակցութիւնս նպատակայարմար կը գտնէ, որ ըլլամ խորհրդարանին մէջ, ես կը ծառայեմ կուսակցութեանս», նշեց Լիլիթ Գալստեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ համամասնական ցուցակը տակաւին պատրաստ չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES