ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի «Մտերմիկ Երեկոյ»

Շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Խմբապետական կազմի կազմակերպած մտերմիկ երեկոն, հովանաւորութեամբ Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին:

Մտերմիկ երեկոն, որ Պէյրութի մասնաճիւղի վերջին տարիներուն աւանդական ձեռնարկներէն մէկն է, իր շուրջ համախմբած էր մասնաճիւղի նախկին կամ վեթերան խմբապետները , ներկայ երէց-պարմանուհիները եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ մասնաճիւղի ծնողները:

Մտերմիկ ընթրիքի երեկոյին մասնակցեցան 200 անձեր:

Ձեռնարկը  սկսաւ մասնաճիւղին խմբապետական կազմին խօսքով եւ մէկ վայրկեան ոտնկայս լռութեամբ յարգելով ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալ քոյր-եղբայրներուն յիշատակը:

Ներկաներուն բաժնուեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական 2011-2012 տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկատուն,  ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի յատուկ գաւաթներ:

Ապա սկսան ներկայացումները, որոնց ընդմէջէն խմբապետական կազմը ներկաներուն օգնութեամբ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի պատմութեան հոլովոյթին` 1924-էն 2012, նաեւ լուսարձակի տակ առաւ (մօտիկ թէ հեռու) հեռանկարները:

Ներկայացումներուն ընդմէջէն խօսք առին նաեւ ներկաներէն ոմանք, որոնք իրենց սրտի եւ գնահատանքի խօսքերը արտասանեցին:

Խօսք առաւ նաեւ մասնաճիւղիս Սկաուտական խորհուրդը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբապետական կազմին եւ մաղթեց շարունակականութիւն ու յաջողութիւն:

Ներկայացուեցաւ նաեւ մասնաճիւղին 2012 տարեշրջանի նիւթը եւ մասնաճիւղին յատուկ նշանաբանը` «Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք»:

Ապա մասնաճիւղիս սկաուտներէն նուագախումբ մը հայկական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ձեռնարկին ճոխ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան նաեւ տեղի ունեցան հետեւեալ նուիրատութիւնները, որոնք պիտի տրամադրուին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբի բարեզարդման եւ սկաուտական սենեակներու նորոգութեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES