Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Նոր Ծրագիրներու Իրագործման Սեմին
Շաբաթ, 3 մարտ 2012-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերախումբի հաւաքոյթը, որուն նպատակը վերջերս կայացած «Յոյսի ծառը» թատերախաղին քննարկումն էր եւ` հետագայ աշխատանքներուն ծրագրումը:
Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան եւ խնամակալութեան ատենապետ Լուսիկ Աֆարեան գնահատեցին դերասանները, բեմադրիչի օգնական Մարիա Ղազարեանը, օգնական տիկինները, ամբողջ ստեղծագործական կազմը` իւրաքանչիւրը նկատելով որպէս կարեւորագոյն օղակ մը հաւաքական աշխատանքի իրագործման մէջ:
Ընկերային մթնոլորտի մէջ պատանի դերասաններուն համար առաւել ընկալելի եւ արդիւնաւէտ էին անհրաժեշտ խորհուրդներն ու մատնանշումները:
Հաւաքոյթի ընթացքին դերասանները ծաղկեփունջով մը պատուեցին բեմադրիչը, ապա հանդէս եկան իրենց կողմէն պատրաստուած գեղարուեստական յայտագրով:
Կարկանդակի հատումը կը խորհրդանշէր ստեղծագործական հանգրուանի մը աւարտը եւ նոր ծրագիրներու իրագործման սկիզբը:

