Խմբագրական. Հայագիտութիւն Եւ Մեթոտաբանութիւն(Ուսուցիչներու Օրուան Առիթով)

Ուսուցիչներու տօնին առիթով ճիշդ է, որ վերլուծումները պէտք է կեդրոնացնել ընդհանրապէս ուսուցչական ասպարէզի այսօրուան վիճակին, մանկավարժութեան ներկայ խնդիրներուն եւ առհասարակ կրթութեան վերաբերեալ այժմէական հարցերուն վրայ: Այսուհանդերձ, մեր պարագային լուսարձակները բնականօրէն կը նեղնան եւ կը բացուին հայ ուսուցիչին, հայ դպրոցին եւ հայ կրթակարգին հետ կապուած տարբեր երեւոյթներուն վրայ: Դաշտը ընդարձակ է.  հարցերը բազմերես են, հակառակ անոր որ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդումի մարդուժի նօսրացումը շեշտակիօրէն ինքզինք զգալի կը դարձնէ:

Նախ սփիւռքեան կողմն աշխարհի: Ողբերգական յանկերգներու վերյիշեցումը անտեղի է: Փոխանակ վերահաստատելու հայկական վարժարաններու փակման, հայ աշակերտութեան թիւերու կտրուկ անկումին, արեւմտահայերէնի գրաբարացումին, դասագիրքերու տագնապին, հայագիտական նիւթեր դասաւանդող  մարդուժի կրճատումին սպառնալիքները, պէտք է միայն կեդրոնանալ այդ բոլորին հետեւանքներուն ոչ թէ վերացման, այլ գէթ նուազեցման գործնական աշխատանքներուն վրայ:

Խնդիրին լուծման միջոցները  երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ուղղութիւններ ունին: Անմիջական տագնապը հայագիտական նիւթեր դասաւանդող հայ մանկավարժներ պատրաստելուն կը վերաբերի: Այսօր սփիւռքի տարածքին նման պահանջով մարդուժի պատրաստութեան միջավայր համարեա՛ գոյութիւն չունի: Պահանջը ունի թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ մեթոտաբանական բնոյթ: Նախ, անշուշտ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմագրութեան մասին իրազեկուելու անհրաժեշտութիւն եւ ապա մանկավարժական մեթոտաբանական օրինաչափութիւններու տիրապետում: Առանց մէկուն կամ միւսին թերի պիտի ըլլայ հայագիտական նիւթերու դասաւանդումի ընդհանուր դրութիւնը:

Հայագիտութեան կեդրոնը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Այս իրողութեան նկատմամբ տարատեսակ մտածողութիւն գոյութիւն չունի: Հայ գրականագիտութիւնը, մշակոյթն ու արուեստը,  պատմագրութիւնը կը զարգանան այնտեղ նոր տեսութիւններով, նորարար վերլուծումներով, հայ ժողովուրդի հնադարեան թէ ժամանակակից պատմութեան վերաբերեալ նորոգուող վարկածներու  եւ անդադար կատարուող  պեղումներու բերումով: Պետական հաստատուած քաղաքականութեան հետեւանքն է այս մէկը, որ իր արմատները ունի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով: Սփիւռքը հայագիտութեան մարզին մէջ փայլատակող միտքերով առայժմ կը մնայ անհատներու ճիգերու եւ նախաձեռնութիւններու սահմաններուն մէջ եւ հասկնալիօրէն  չի կայանար պետական կրթական ու գիտական հաստատուած կացութիւններու մէջ:

Մանկավարժական մեթոտաբանութիւնը սակայն, ուշադրութիւն գրաւելու աստիճանին չէ հայրենիքի մէջ: Մինչ այժմ, հայաստանեան կրթակարգը միջազգային մանկավարժական ընդունուած մեթոտաբանական հարցերուն մէջ զգալի ոստումներ չէ կատարած եւ կշռոյթ պահելու դիրքին վրայ չի գտնուիր:

Այստեղ է, որ հայրենիք-սփիւռք կրթական ոլորտի յարաբերութիւնները պէտք է սերտացնել: Հայրենի հայագիտական մարդուժը եւ սփիւռքեան մեթոտաբանական մարդուժը իրար լրացնելով կը յաջողին ձեւաւորել համահայկական արդիւնաւէտ կրթակարգ մը, որուն ձեւաւորման նախաքայլերը  ուսուցչական մակարդակի վրայ արձանագրուելիք փոխճանաչողական աշխատանքներն են: Այս առումով ալ սփիւռքեան վարժարաններու առաջին փորձերը աւելի քան ողջունելի են հայրենիքէն ուսուցիչներ հրաւիրելու եւ փոխծանօթացման աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպելու առումով:

Կրթութիւնը կարեւորագոյն նախադրեալն է համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման առաջադրանքի իրականացման համար: Ուսուցիչներու աշխատանքային փոխանակումներու ծրագիրները կարճաժամկէտ կտրուածքներով կրնան նպաստել երկարաժամկէտ հեռանկարային շատ կարեւոր առաջադրանքներու իրագործման համար պարարտ ենթահող ձեւաւորելու ընդհանուր աշխատանքին:

Մինչ այդ, սակայն, սփիւռքեան կառոյցները հայ մանկավարժ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը գերակայ նպատակ պէտք է համարեն հայագիտական նիւթերու իրազեկ ուսուցիչը ունենալու եւ մասնագիտական մեթոտաբանութեան տիրապետումով համահայկական կրթակարգին կարեւոր նպաստ բերելու համար:

Share this Article
CATEGORIES