Նախագահական Ընտրութեան Պարտութիւն Կրելու Պարագային Սարքոզի Խոստացած Է Հեռանալ Քաղաքականութենէն

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ֆրանսական «Պի. Էֆ. Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացած է նախագահական ընտրութեան պարտութիւն կրելու պարագային հեռանալ քաղաքականութենէն:

Պատասխանելով հաղորդավարին այն հարցումին, թէ եթէ պարտուի, պիտի հեռանա՞յ քաղաքականութենէն, Սարքոզի ըսած է. «Այս հարցումը կրնաք ինծի ուղղել երրորդ անգամ, ես ձեզի, միեւնոյնն է, պիտի պատասխանեմ այո: Ես պիտի զբաղիմ այլ գործով, տակաւին չեմ գիտեր` ինչով»:

Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան վերջին հարցախոյզներուն համաձայն, Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ կրնայ պարտութեան մատնել Սարքոզին:

Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 26 ապրիլին, իսկ երկրորդը` 6 մայիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES