Պաապտայի Մէջ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ

Նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել եւ նախագահական պալատին մէջ գործող շարք մը խորհրդականներ:

Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ խորհուրդը քննարկած է երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահուած է լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ունեցած առաքելութիւններուն մասին, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակին առումով:

Խորհուրդը քննարկեց նաեւ հարաւային Լիբանանի կացութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է շարունակել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան շրջագիծին մէջ:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին տուած որոշումները մնացին գաղտնի:

Նշենք, որ նախքան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այսօր առաւօտեան Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES