Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Հայոց Պետական Եւ Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը Կը Շնորհաւորէ Հայ Կիները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց կիներուն եւ օրիորդներուն` Կիներու միջազգային օրուան առիթով:

Նախագահը անոնց մաղթեց երջանկութիւն, յաջողութիւն, առողջ եւ ամուր ընտանիքներ: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ օրէ օր կ՛ընդլայնի կիներու դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ հասարակութեան կենսագործութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Ըստ նախագահին, անով հանդերձ Հայաստանի կիները կը պահպանեն իրենց աւանդական դերը եւ բացառիկ յատկանիշները: Հանրապետութեան նախագահը այս գարնանային տօնը հրաշալի առիթ մը նկատեց վերահաստատելու տղամարդոց նուիրումն ու սէրը, գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը մայրերուն, կիներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս նոյնպէս շնորհաւորեց կիները եւ օրիորդները:

«Այսօր կը բերկրին մեր հոգիները, քանի որ կը մեծարենք մեր մայրերը, քոյրերը եւ դուստրերը եւ կը գնահատենք անոնց բարեբեր աւանդը ընտանեկան կեանքին մէջ, պետական-հասարակական կեանքի ասպարէզներուն մէջ», նշեց ան իր ուղերձին մէջ: Վեհափառը ընդգծեց, որ կիները` տէրունապարգեւ իրենց կոչման հաւատարիմ, ամբողջանուէր նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն Հայաստանի յառաջընթացին, հայ ժողովուրդին առջեւ դրուած դժուարութիւններու յաղթահարման, ինչպէս նաեւ մասնակից են հայ ժողովուրդի յաղթանակներու կայացման եւ ազգային ու հոգեւոր վերազարթօնքին:

«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի իջման Սուրբ սեղանին առջեւ հայրապետիս աղօթքը եւ մաղթանքն է, սիրելի՛ կիներ, որ շարունակէք ապրիլ եւ ստեղծել դարերու մէջ դրսեւորուած հայ կնոջ հաւատքին, արիութեան եւ նուիրումի օրինակով, ջանքեր ի գործ դրէք, որ հաւատաւոր, հայրենասէր, արի զաւակներով հայ կեանքը ըլլայ շէն եւ բարօր, հայոց հայրենին` հզօր եւ ծաղկուն: Թող  ամենակալ Տէրը հաստատուն պահպանէ ձեզ բարի գործերու եւ առաքինութիւններու մէջ, պահէ քաջառողջ ու արեւշատ եւ մշտապէս առիթներ շնորհէ անսպառ երջանկութեան` ձեր ընտանիքներուն, զաւակներուն եւ սիրելիներուն հետ», նշեց վեհափառը:

Իր կարգին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւս շնորհաւորեց կիները իրենց միջազգային օրուան առիթով: Նախագահը հոգիի ակնածանքով եւ խոնարհումով պատուեց Արցախի հերոս կիները, որոնք կանգնած են տղամարդոց կողքին Արցախի ժողովուրդին համար օրհասական պահուն եւ տղամարդոց հետ միասին կը կերտեն հայրենի երկրի ապագան, կը կիսեն փորձութիւններու դառնութիւնը եւ յաղթանակի բերկրանքը:

Այս տօնին առիթով նախագահը մաղթեց, որ միշտ ուրախութեամբ ճառագեն կիներու հոգիները, իրենց ընտանիքները ըլլան յաջող եւ բարեկեցիկ, հարազատները` առողջ եւ երջանիկ, հայրենիքը` խաղաղ եւ բարգաւաճ: «Մենք կ՛ընենք ամէն բան, որպէսզի կարելի եղած չափով թեթեւցնենք ձեր հոգերը, բարելաւենք ձեր կենսապայմանները, օգնենք ձեզի ըլլալու միշտ գեղեցիկ եւ հմայիչ, պաշտպանուած եւ ապահով», ընդգծեց նախագահ Սահակեան:

Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց կիները եւ անոնց մաղթեց ամենայն բարիք:

 

Share this Article
CATEGORIES