ԵՈՒՐՈԶ (ԵՈՒՐԻ ԳԷՈՐԳԵԱՆ) ՑԱՒ ՈՒ ԵՐԱԶ ԴԱՋՈՂ ՄԵԾ ՆԿԱՐԻՉԸ

«Անկենդան բնութիւն նուռերով». գործ` Եուրոզի

Վերջին տարիներուն «Բագին» ամսաթերթը լայն տեղ կը տրամադրէ հայ, յատկապէս սփիւռքի կերպարուեստագէտներուն: Արդէն իսկ բազմաթիւ դէմքեր ներկայացուած են հոն, որոնց շարքին նաեւ ամերիկահայ կերպարուեստագէտ Եուրոզ: Ստորեւ կու տանք ակնարկ մը` անոր մասին,  միեւնոյն ատեն կը խոստանանք պարբերաբար արտատպումներ կատարել «Բագին»էն տարբեր առիթներով:

Իրաւ ստեղծագործողը, գրողը, բանաստեղծը, հրապարակագիրը, արուեստագէտը, մտերիմ հաւատքը ունի, որ ինք կոչուած է առաքելութեան մը: Սովորաբար քաղաքական դէմքեր իրենք իրենց կը շնորհեն նման կոչում, բայց եթէ դիտենք բազմադարեան պատմութիւնը, ո՞վ կը յիշէ Պղատոնի, Վոլթէրի, Միքայէլ Անճելոյի եւ ուրիշներու ժամանակակից դրամատան տնօրէններ, նախարարներ, յիշուելու պարագային, անոնք սոսկ անուններ են, բայց ժառանգութիւն կտակած են մտքի մարդիկ:

Այս մտածումները ունեցայ, երբ Եուրոզի, Եուրի Գէորգեանի հանդիպեցայ Պէյրութի արուարձաններէն Անթիլիասի իր ժամանակաւոր աշխատանոցին մէջ, եւ քանի մը ամիս ետք Լոս Անճելըս, կրկին, ուր կը գտնուին իր արուեստանոցի սրահները: Հոն կը հանդիպինք կերպարուեստի զանազան արտայայտութիւններու, մտածումներու եւ ապրումներու ինքնատիպ բեմադրութեան մը: Իր ստեղծագործութիւններուն չափ հետաքրքրական անձնաւորութիւն է Եուրոզ: Անխարդախ, թափանցիկ կիրքով բնակուած կեանք մը, ինքզինք ըլլալու մնայուն լարում մը:

Գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան պարագային, անմիջականօրէն տեսանելին եւ հրամցուածը գոյներ, գիծեր եւ ծաւալներ են: Եթէ արուեստասէրին հայեացքը անոնց վրայ կանգ առնէ, հոն յամենայ, չյառաջանայ, չհասնի այլ մակարդակ, ներկայացուած գործերը կը վկայեն արհեստաւորի մասին, թերեւս ճարտար, իրականութիւն վերարտադրող, բայց չենք գտներ հոգիի եւ միտքի արտայայտութիւն, այսինքն` իսկական արուեստը: Եուրոզի գեղանկարները կը խօսին, քանի որ ան ըսելիք ունի, կ՛ըսէ, կերպարները լռած պատկերներ անմիջականութիւն ունին: Եւ կը փոխանցուի Եուրոզի հարազատ կիրքը:

Մարդը, ճարտարապետ, գեղանկարիչ, տառապած է, ազատութեան եւ իրաւունքի կիրք ունի: Խորհրդային Հայաստան եղած տարիներուն պայքարած է, հալածուած: Կորսնցուցած է գաղափարի ընկերներ: Բանտ մնացած է: Կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէր դուրս գալ երկրէն: Եօթը տարի չէ կրցած աշխատիլ տնային կալանքի պայմաններու տակ: Վերջապէս կրցած է հասնիլ Ամերիկա, ուր ապրելու համար գործ փնռտած է, չէ դիմած ընկերային օժանդակութեան գրասենեակները, նախընտրած է տնանկի կեանքը, փիծծա տարած է տուները եւ գրասենեակները, եւ երբ ժամանակ գտած է, իր սենեակին մէջ նկարած է, իր իրականութեան եւ ինքզինքին վերադառնալով, քանի որ տառապանքը մարդը կը բանտարկէ ինքն իր մէջ:

Արուեստի գործերով եւ անոնց ցուցադրութեամբ զբաղող Տեպորա Մուրի պատահաբար կ՛իմանայ, որ Ռուսիայէն տղայ մը եկած է, որ կը նկարէ…: Կը տեսնէ Եուրոզի գործերը: Ապրուստի միջոց չունի, պարտքեր ունի, չ՛ուզեր վաճառել իր գործերը: Պնդումներ, համոզելու փորձեր: Վերջապէս ցուցասրահ կը դրուին Եուրոզի գործերը եւ առաջինը կը ծախուի 18 հազար տոլարի: Եւ կը սկսի Եուրոզի նուաճումը արուեստի աշխարհին մէջ: Ինքնատիպ Եուրոզ, որ կը նկարէ, երբ կը մտածէ եւ կը զգայ: Արուեստի քննադատները զինք կրնան տեղաւորել այս կամ «դպրոց»ին մէջ, ըսել որ «քիւպիստ» է, կամ կը հետեւի «ֆիկիւրաթիֆ» ինքնատիպ ուղիի: Իր մեծղի քանդակները կարելի է բաղդատել ժամանակակիցներու, ինչպէս Ֆեռնանտօ Պոթիրոյի գործերուն, բայց անոնք տարբեր բան կ՛ըսեն:

«Երազանք` կապոյտ ծաղիկի». գործ` Եուրոզի

Եուրոզի գործերը դուրս եկած են Քալիֆորնիայէն, Ամերիկայէն: Հռոմի մէկ նոր սուրբին` Արքանճելօ Թատինիի խորհրդանկարը (300 X 200 սմ) կ՛իրագործէ, որուն արժէքին երկու երրորդը կը նուիրէ Պրեշիայի եկեղեցւոյ:

 

Մարդկային իրաւունքը եւ կացութիւնը խորհրդանշող գեղանկարներու շարք ունի`  «քիւպիստ» դրոշմով, զոր ՄԱԿ-ը հրատարակած է որպէս դրոշմաթուղթ: Այդ գեղանկարները խորհրդապատկերներ են, ուր կը գտնենք սէրը, դաժան կեանքը, կինը, զոր պէտք է սիրել: Եուրոզ ամենայն պարզութեամբ կ՛ըսէ, որ երբ կը նկարէ այն, ինքզինք լաւ կը զգայ, կը նկարէ այն,  ինչ որ ինք կ՛ուզէ:

1956-ին Խորհրդային Հայաստան ծնած Եուրի Գէորգեան, տասը տարեկանին արդէն կ՛աշակերտէ Յակոբ Գոճայեանի գեղանկարչական դպրոցը:

Մարդն է Եուրոզի ստեղծագործութեան առանցքը. ժողովուրդը, բանաստեղծը, աներդիք թշուառը, Ամերիկայի «հոմլես»ը, հոգիի լոյսն ու ստուերը, սէրը, գաղթականը եւ ապաստան փնտռողը: Այսինքն` մեր ցաւագին ժամանակը: Կը սիրէ պատմել, իր պատկերները եւ դէմքերը կը խօսին: Կը հաւատայ, որ արուեստը կրնայ ծնիլ միայն ազատութեան մէջ:

Ինք կը շարունակէ նկարել այն հաստատ համոզումով, որ աստուածատուր շնորհով` նոր գործը աւելի գեղեցիկ կ՛ըլլայ եւ ամբողջական: Կատարելագործման ուղին, քանի որ մարդը բանական էակ է: Այսպէս է, որ ինք կը տարբերի ուրիշներէ, որոնք իրենց լրումին արդէն կը հասնին, երբ երիտասարդ են: Ինք կը հաւատայ, որ դեռ հասնելիք տեղ ունի:

Եւ թերեւս այդ կոչումը շեշտուած կերպով կը զգայ, երբ Կուաթեմալայի մէջ շաբաթ մը կը նուիրուի իր գործին, դպրոցները կը փակուին եւ աշակերտներ, հազարներով, կու գան Եուրոզի աշխարհը տեսնելու:

Ինքնատիպ Եուրոզ, որ յիշողութիւն ունի եւ իր արուեստը կը ծառայեցնէ բարեսիրական նպատակներու, այսինքն` մարդոց ցաւին դարման փնտռող կազմակերպութիւններու: Ինքզինք չի բանտարկեր իր եսին ու սոսկ գեղեցիկին մէջ, եւ թերեւս այս իսկ պատճառով արագօրէն նուաճած է հոգիները: Այդ կը վկայեն թանգարաններու մէջ արդէն տեղ գրաւած իր գործերը, իրեն զօրավիգ կանգնող մեկենասները եւ քննադատները:

Եուրոզի գործերուն դիմաց կը զգաք վարդին պատգամը, համբոյրի խորհուրդը եւ երաժշտութեան արձագանգը: Կը հաւատայ, որ դեռ իր վերջին խօսքը չէ ըսած, իր զգացումները եւ միտքը վերջին գոյնը չեն դրոշմած:

Այս տողերու ետին պէտք չէ փնտռել ազգային-հայրենակցական սնափառութիւն: Եուրոզ արդէն Ամերիկայէն դուրս է, համաշխարհային եւ համամարդկային արժէք ունի: Քննադատները իր խորհրդանիշներուն մէջ պիտի գտնե՞ն նաեւ իր ազգային պատկանելիութեան առհաւական լոյսը, թէ՞ պիտի գոհանան զինք ամերիկայնացնելով եւ համամարդկային կաղապարի մէջ ձուլելով:

Ամերիկայի ընձեռած միջոցներով լայն ճամբայ բացուած է Եուրոզի առջեւ, եւ ինք դեռ անակնկալներ վերապահած է արուեստի աշխարհին:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պէյրութ – Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 2009 – փետրուար 2010

Share this Article
CATEGORIES