Ըստ Միջազգային Ճգնաժամային Խմբակին Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Սթաթիւս Քոյի Պահպանումը «Անընդունելի» Է
Միջազգային ճգնաժամային խմբակի Հարաւային Կովկասի նախագիծի տնօրէն Լորընս Շիթս «Տի Ինթըրնեշընըլ Հերըլտ Թրիպիւն»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը «ընդունելի տարբերակ չէ»: Շիթս յայտնած է, որ փոխզիջման հասնիլը կարելի է միայն միջազգային ճնշումը աւելցնելու ճամբով: «Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, մենք կրնանք բռնութեան պտոյտի մը եւս ականատեսը դառնալ», նշեց Շիթս:
Ան նաեւ անդրադարձած է զինադադարի դրութեան հարցին եւ նշած, որ հակառակ զինադադարին, շփման գիծին վրայ կրակոցներու պատճառով տարեկան կը մահանան եւ կը վիրաւորուին տասնեակ մը մարդիկ:
CATEGORIES Հայկական