2014-Ի Մոնտիալ. Լիբանան Մաս Կազմեց Զօրաւոր Խմբակի Մը

Երէկ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ցամաքամասի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` մասնակցութեամբ տասը խումբերու:

Այդ տասը խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի, նկատի առնելով մարտ ամսուան ընթացքին անոնց գրաւած դիրքերը` ՖԻՖԱ-ի դասաւորման մէջ:

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հարաւային Քորէան, Իրանը, Ուզպեքիստանը եւ Քաթարը, իսկ Բ. խմբակին մաս կազմեցին Ասիոյ ախոյեան Ճափոն, Աւստրալիա, Իրաք, Յորդանան եւ Օման:

Խումբերը երթուդարձի դրութեամբ պիտի ճակատին իրարու դէմ` 3 յունիս 2012-էն 18 յունիս 2013 ժամանակամիջոցին:

Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն Պրազիլի իրենց տոմսերը, իսկ երրորդ դիրքը գրաւող երկու կազմերը 6 եւ 10 սեպտեմբեր 2013-ին երթուդարձի դրութեամբ փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարեն իրարու դէմ: Յաղթական կազմը յոյս պիտի ունենայ իր կարգին Մոնտիալի տոմս մը ապահովելու, անշուշտ եթէ փլէյ-օֆի մրցումին յաջողի յաղթել Հարաւային Ամերիկայի գօտիին հինգերորդ դիրքը գրաւող խումբին (բնականաբար` երթուդարձի դրութեամբ):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES