Ֆիլիփսի Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն Մասին Մենագրութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Քոլումպիա համալսարանի մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան հիմնարկն ու Հարվըրտ համալսարանի Քենետի դպրոցի Դիւանագիտութեան ապագայի ծրագիրը 2012-ին հրատարակեցին Տէյվիտ Լ.Ֆիլիփսի «Դիւանագիտական պատմութիւն` Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները» խորագիրը կրող մենագրութիւնը, որ 2009-ին ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն բանակցութեանց առնչակից անձերու վկայութիւնները կը փոխանցէ եւ հիմնուած է առնչակից ամերիկացի եւ զուիցերիացի պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն պատուիրակներու հետ հարցազրոյցներու վրայ:

45 հազար բառերէ եւ 139 էջերէ բաղկացած մենագրութիւնը ոչ միայն մանրամասն կերպով 2001-էն սկսեալ հայ-թրքական մերձեցման փորձերը, ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն բանակցութեանց մասին մանրամասնութիւններ եւ անոնց սառեցման պատճառները կը ներկայացնէ, այլ նաեւ ապագայ քայլերու յանձնարարականներ կը կատարէ: Այս առումով, նշեալ մենագրութիւնը փորձ մըն է այն մասին, թէ արձանագրութիւնները ինչո՛ւ ձախողեցան եւ ներկայիս ի՛նչ պէտք է կատարել:

2001-2004 թուականներու տխրահռչակ Հայ-թուրք հաշտութեան յանձնախումբի համանախագահ Ֆիլիփս վերջերս իր մենագրութիւնը ներկայացուցած եւ քննարկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ քոնկրեսական յատուկ նիստերու ընթացքին:

Ան մենագրութեան ներածականին մէջ կը նշէ, որ Հայաստանը ներկայիս Անգարայի համար արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն մը չէ: Արձանագրութիւնները ներկայիս սառեցուած են, սակայն յառաջ ընթանալու ճամբու քարտէս մը կը ներկայացնեն:

Ֆիլիփս պատմութեան ներկայացումը կը սկսի 9 յուլիս 2001-ին կազմուած Հայ-թուրք հաշտութեան յանձնախումբէն եւ կը թուէ 13 ապրիլ 2004-ին անոր վերջին նիստէն բխած յանձնարարականները. 1) աշխուժացնել միջկառավարական շփումները, 2) Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալ, 3) Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատման քայլերը յառաջ մղել, 4) կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն վրայ կեդրոնացած հասարակական ծրագիրներու զօրակցող հաղորդագրութիւններ հրապարակել, 5) աղէտի պարագային` օժանդակութեան շուրջ համագործակցութեան մնայուն մեքանիզմ մը հաստատել, 6) փոխադարձ հասկացողութեան ջատագովման համար միջկրօնական երկխօսութիւնը քաջալերել:

Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 10 ապրիլ 2005-ին Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ներկայացուց «1915-ի իրադարձութիւններն ու դէպքերը ուսումնասիրելու պատմութեան միացեալ յանձնախումի մը կազմելու» առաջակ մը: Էրտողանի առաջարկին նպատակն էր խաղի կանոնները փոխել: Երկխօսութեան հրաւէր ուղղելով` Էրտողան ուզեց Հայկական հարցէն միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ: Ան ոչ միայն կը սպասէր, որ յանձնախումբը Ցեղասպանութիւնը հերքէ, այլ նաեւ ուզեց ականահարել Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը` ցոյց տալով, որ թուրքերն ու հայերը իրարու հետ կը խօսին: Էրտողանի առաջարկը իր արձագանգը գտաւ օտար մայրաքաղաքներու մէջ, ուր կառավարութիւններ մեծ ջանքեր կը թափէին արգելակելու համար իրենց խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու որդեգրումը: Էրտողանի նամակը հրապարակուեցաւ միջազգային հասարակութեան կարծիքին վրայ ազդելու համար. ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ նամակին մասին յայտարարեց 10 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակէն 2 շաբաթ առաջ:

Ֆիլիփս կը հաղորդէ, որ ըստ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցութեանց առնչուած անանուն հայ պաշտօնատարի մը, «Ուաշինկթըն ուզեց, որ համաձայնութիւնը յայտարարենք 24 ապրիլէն առաջ, որպէսզի նախագահ Օպամա իր յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութիւն եզրը նշելու չստիպուի», աւելցնելով, որ` «թուրքերը սպասեցին, որ «ոչ» պիտի ըսենք, սակայն զիրենք խաբեցինք» (էջ47): Մենագրութեան մէջ նշուած է, որ թափանցիկութեան բացակայութիւնը ենթադրութիւններ հրահրեց եւ Հայաստանի իշխող համախոհական կառավարութեան մէջ քննադատութիւններ յառաջացուց: «Հայերը նաեւ քննադատեցին յայտարարութեան թայմինկը» : Հոլովոյթին առնչակից բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ` «այդ մէկը այդ թուականին կատարեցինք, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ մեզմէ այդ պահանջեցին» (էջ48):

Ֆիլիփս կը գրէ, որ` «Երեւան պատմութեան հարցով յանձնախումբը կը նկատէր առիթ մը, որպէսզի թուրքերը իրենց սեփական պատմութեան շուրջ քննարկում ծաւալեն: Լաւ կաղապարուած եւ ցեղասպանութիւնը յստակացնող երկխօսութիւն մը կրնայ Անգարայի ներում հայցելու քաղաքական ենթահող ստեղծել, մինչ իրաւական հարցերով ենթայանձնախումբը նաեւ փոխհատուցմանց դուռը պիտի բանայ: Փոխարէնը` հայկական կողմը նաեւ պատրաստ էր, որ պատմական հարցով յանձնախումբը 19-րդ դարու իրադարձութեանց, հայեր փրկած «արդարամիտ թուրքերու» դերակատարութեան, ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ թուրք դեսպաններու ահաբեկման ընդհանուր ակնարկ մը կատարէ: Անգարա այլ նպատակներ ունէր: Անիկա արձանագրութիւնները կը նկատէր Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային փորձերը կանխարգիլելու միջոց մը եւ այն պատկերացումը ունէր, որ պատմական հարցերով յանձնախումբ մը պիտի հերքէ այն եզրակացութիւնը, որ 20-րդ դարու սկիզբի դէպքերը ցեղասպանութիւն կը նկատէր: Ան կը նախատեսէր, որ արձանագրութիւնները պիտի աշխուժացնեն բանակցութիւնները եւ հողատարածքները վերադարձնեն Ազրպէյճանին` վերջ տալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ «Մեծն Հայաստան»-ի գաղափարին» (էջ61):

Իր մենագրութեան վերջաբանին մէջ Ֆիլիփս կը գրէ, որ` «արձանագրութիւններու չվաւերացման պատճառով պատմական առիթ մը կորսուած է»: Ան այդ մէկը հարուած մը կը նկատէ «Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումին, որ կը նուազի»: Ան կը գրէ, որ 12 յունիս 2011-ին խորհրդարանական ընտրութիւններուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ապահոված մեծ յաղթանակէն ետք, Անգարա արձանագրութիւններուն հարցով գործի լծուելու բաւարար ժամանակ ունէր: Սակայն ոչինչ ընելով` «փակեց դիւանագիտութեան ներկայ հանգրուանի էջը: Արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանէն դուրս բերելը պարզապէս ձեւականութիւն մըն էր: Արձանագրութիւնները անգործութեան մատնուած են: Երկու երկիրներու ներքին քաղաքականութիւնը նկատի ունենալով` անհաւանական է, որ անոնք իրենց ներկայ ձեւին մէջ կրնան վերակենդանացուիլ, սակայն երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի»(էջ 99):

«Անգարա կը յուսար, որ արձանագրութիւնները պիտի արագացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը: Ան նաեւ յուսաց, որ հայերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը պիտի դադրեցնեն: Ոեւէ մէկը, որ կը կարծէ, թէ հայերը պիտի հրաժարին Ցեղասպանութեան ճանաչման իրենց արշաւէն, պարզապէս հայերը չի ճանչնար կամ յամառօրէն տգէտ է: Հիմա որ Անգարա յայտարարեց, թէ յանձնախումբը Ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը ճշդելու մեքանիզմ մըն է, Երեւան պատմութեան հարցով յանձնախումբի մը կազմութեան պիտի չհամաձայնի»: Ֆիլիփս անուղղակի կերպով Էրտողանը կ՛այպանէ արձանագրութիւններու սառեցման համար, յայտնելով, որ` «արձանագրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղին առնչուած նախապայման չէին պարունակեր, սակայն Էրտողան նախապայման մը հաստատեց, երբ Պաքու գնաց եւ յայտարարեց, որ արձանագրութիւնները պիտի վաւերացուին միայն այն ատեն, երբ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը վերականգնի: Ոեւէ մէկը, որ կը կարծէ, թէ թուրքերը պիտի լքեն իրենց ազրպէյճանցի եղբայրները, թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ եղող խոր կապերը չի գնահատեր»:

«Ալիեւ վճռորոշ ազդակ մըն էր: Թէեւ թուրք պաշտօնատարներ իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ կապ հաստատեցին, սակայն անոնք չյաջողեցան Ալիեւը համոզել, թէ Երեւանի հետ իրենց բանակցութիւնները լուրջ էին, եւ երբ համաձայնութիւնը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, ան չափազանցուած հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ: Թուրքիոյ բնական կազի մատակարարումը դադրեցնել սպառնալուն կողքին, Ալիեւ նաեւ կազին սակագինը մեծ համեմատութեամբ բարձրացուց: Ան նաեւ «Հարաւային հոսքը» օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Նապուքօ» ծրագիրը արգելակելու համար», կը գրէ ան:

Ֆիլիփս հետաքրքրական վկայութիւն մըն ալ կը մէջբերէ: Ան կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Տանիել Փ.Ֆրիտ կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացումը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութիւնն էր:

Ֆիլիփս արձանագրութեան ձախողութեան համար նաեւ Երեւանը կ՛այպանէ` նշելով, որ` «Երեւան պէտք չէր արտօնէր, որ արձանագրութիւնները 24 ապրիլի նախօրեակին յայտարարուին: Յայտարարութեան թայմինկը հայ հասարակութեան լայն զանգուածի մը ընդդիմութիւնը գրգռեց: Արձանագրութիւններուն մանրամասնութիւնները անոնց ստորագրութենէն 130 օր ետք հրապարակելու Երեւանի որոշումը սխալ մըն էր: Թափանցիկութեան բացակայութիւնը ենթադրութիւններու եւ ընդդիմութեան առիթ ընծայեց»: Ըստ Ֆիլիփսի, նախագահ Սարգսեան նաեւ պէտք էր Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու համար Թուրքիա-Հայաստան ներկայ սահմանները ճանչնար: Այդպիսի քայլ մը դժուար թէ Ֆիլիփսի պատկերացուցածին պէս օգտակար ըլլար, որովհետեւ բնականաբար ներհայկական բուռն հակազդեցութեան պիտի արժանանար եւ քաղաքական անձնասպանութեան համազօր պիտի ըլլար:

Ֆիլիփս նաեւ Միացեալ Նահանգները կ՛այպանէ` նշելով, որ երբ Օպամա ապրիլ 2008-ին Թուրքիա այցելեց, Օպամայի վարչակազմը ձախողեցաւ արձանագրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններէն անջատելու: Ան կ՛եզրակացնէ, որ` «յարաբերութեանց դէմ գործող ուժերը հզօր կը մնան»:

«Յառաջ ընթանալու ուղղին»(էջ103) գլուխին մէջ Ֆիլիփ կը գրէ, որ` «արձանագրութիւնները կը պարունակեն տարրեր, որոնք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար յառաջընթացը կարելի կը դարձնեն»: Ապա հինգ բաժիններու մէջ շարք մը յանձնարարականներ կը կատարէ: Այդ յանձնարարականները տխռահրչակ Հայ-թրքական հաշտութեան յանձնախումբին վերջին նիստէն բխած յանձնարարականներէն ներշնչուած են եւ անոնց աւելի մանրամասնուած տարբերակը կը թուին ըլլալ:

1) Քաղաքային ընկերութեան գործողութիւնները աշխուժացնել

– Միջկառավարական մակարդակի յառաջդիմութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ թուրք եւ հայ քաղաքային հասարակութեան ներկայացուցիչները պէտք է շարունակեն իրենց շփումները` ընդլայնելով մասնակիցներուն շրջանակը եւ աշխատանքները: Ան այդ մէկը իրագործելու համար կ՛առաջարկէ, որ Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութիւնը  եւ շուէտական Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը ֆինանսաւորեն այդ աշխատանքները, նշելով, որ այս վերջինս 2010-ին եւ 2011-ին արդէն ֆինանսաւորած է այդ աշխատանքները:

– Ախուրեանի վրայ գտնուող Անիի կամուրջը, իբրեւ Հարաւային Կովկասը Անատոլուի տափաստանին միացնող պատմական նշանակութիւն ունեցող եւ արդի Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ներկայութեան խորհրդանիշ, պէտք է նորոգուի եւ առնուազն զբօսաշրջութեան համար բացուի:

– Հայ-թրքական հաշտութիւնը խորհրդանշող ներկայիս կազմաքանդուած «Մարդկութեան յուշարձանին» մէկ տարբերակը եղող յուշարձան մը պէտք է կառուցուի հայ եւ թուրք արուեստագէտներու ներդրումով: Անոր շուրջ կարելի է մրցանք կազմակերպել:

– Վերլուծական կեդրոնները կրնան հայերու` թուրքերու նկատմամբ եւ թուրքերու` հայերու նկատմամբ ընկերային վերաբերմունքներուն շուրջ հարցախոյզեր կատարել:

– Անդրազգային արդարութեան միջազգային կեդրոնի վճիռին շնորհիւ դիւրացուած Ցեղասպանութեան ուխտին կիրարկելիութեան շուրջ ուսումնասիրութիւն մը երկու կողմերուն համար ալ շահեկան է: Նշենք, որ վերոնշեալ կեդրոնը, հիմնուելով Հայ-թուրք հաշտութեան յանձնախումբին դիմումին վրայ, 2003-ին եզրակացուցած էր, որ հայկական ջարդերը 1948-ի ՄԱԿ-ի ուխտին մէջ ներառուած «ցեղասպանութեան ոճիրին բոլոր տարրերը կը պարունակեն», սակայն հայերը Թուրքիայէն նիւթական փոխհատուցում ստանալու համար այդ ուխտը չեն կրնար օգտագործել: Ֆիլիփս կը նշէ, որ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն բխած իրաւական եզրակացութիւնը պէտք է հաշտութեան իբրեւ միջոց եւ ճամբու քարտէս ծառայէ:

2) Առեւտրական համագործակցութիւնը շեշտել

– Ժողովուրդէ ժողովուրդ եւ առեւտրական շփումները կարելի է ընդլայնել Վան-Երեւան թռիչքներու միջոցով: Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը պէտք է ճամբորդութիւնը ջատագովելու եւ դիւրութիւններ ընծայելու համար Երեւանի մէջ գրասենեակ բանայ:

3) Միջկառավարական շփումները վերակենդանացնել

– Անգարա եւ Երեւան պէտք է ճանչնան եւ բանան Թուրքիա-Հայաստան սահմանը: 1921-ի Մոսկուայի համաձայնութիւնը եւ 1922-ի Կարսի համաձայնութիւնը վերահաստատող յանձնառութիւններ պարունակող դիւանագիտական յուշագիրներ կրնան այդ քայլի իրագործման ենթահող ստեղծել: Ֆիլիփս կը նշէ, որ դիւանագիտական յուշագրերու փոխանակումը խորհրդարանի վաւերացման կամ դատարանի որոշումի կարիք չունի:

– Բնական աղէտներու հետեւանքներու մեղմացման աշխատանքները միջկառավարական համագործակցութեան մէկ այլ մարզ մը կը ներկայացնեն:

– Անգարա կրնայ բարի կամեցողութեան քայլ մը կատարելով` տեղահանուած հայերու շառաւիղներուն թրքական քաղաքացիութիւն առաջարկել: Քիչեր կրնան առաջարկը ընդունիլ, սակայն այդ քայլը Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան երկու տարբերակներուն վերամիացումը եւ մարդասիրական պայմաններու տակ քննարկում պիտի արտօնէ: Առաջարկը յաւելեալ շահ մը պիտի ապահովէ` Թուրքիոյ մէջ վերականգնելով յիշատակը հայերուն, որոնց ներդրումը պատմութեան պետական պաշտօնական տարբերակին մէջ նսեմացուած է:

– Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան մէջ համարկումը կրնայ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու լաւագոյն կառոյցը ըլլալ:

4) Պատմական հարցերը լուծել

Ֆիլիփս Տերսիմի մէջ քիւրտերու ջարդերուն համար Էրտողանի ներում հայցելը նկատառելի քայլ մը կը նկատէ: Ան կը նշէ, որ` «Էրտողան թերեւս ներում հայցել կը սորվի կամ պարզապէս սորված է, թէ ներում հայցելը քաղաքական գետնի վրայ շահաւէտ է: Տնտեսական շահերը անոր արտաքին քաղաքականութեան համար առանցքային նկատառում մըն են: Էրտողանի համար հայերէն ներում հայցելը քաղաքական քիչ շահ կ՛ապահովէ, եւ եթէ Ազրպէյճան հակազդէ, տնտեսական վնասներու վտանգ կը դիմագրաւէ: Բայց եւ այնպէս, ան որոշ թայմինկի մէջ եւ որոշ պայմաններու տակ կրնայ գտնել, որ հայերուն տառապանքներուն համար ներում հայցելը Թուրքիոյ ազգային շահերէն կը բխի»:

– «Նախքան պետական կամ սեփական մակարդակի վրայ պատմութեան հարցով միացեալ յանձնախումբի մը կազմութիւնը նկատի ունենալը, պատմութեան մարզին մէջ համագործակցական այլ քայլեր կարելի են: Մեթոտաբանութեան հարցին վրայ կեդրոնանալու համար կարելի է կազմել թուրք, հայ եւ միջազգային պատմաբաններէ բաղկացած հետազօտական յանձնախումբ մը: Անոր լիազօրութիւնը պիտի ըլլայ ճշդել, գնահատել եւ փնտռել միջոցառումներ` գնահատելու համար բոլոր արխիւները: Անոր գործունէութիւնը պէտք է շատ թափանցիկ ըլլայ: Անոր կողքին, թուրք եւ հայ մասնագէտներ կրնան վերանորոգման համար յուշարձաններ եւ մշակոյթի վայրեր ճշդել»:

– Լոնտոնի մէջ 1912-ի Սթոքհոլմի Ողիմպիականին շուրջ օսմանեան ողիմպիական խումբի հայ մարզիկները լուսարձակի տակ առնող ցուցահանդէս մը կազմակերպել:

– Օսմանեան կայսրութեան պաշտպանութեան մէջ հայերուն ներդրումը լուսարձակի տակ առնելու համար Կալիփոլիի ճակատամարտին նշման առթիւ յատուկ ցուցահանդէս կազմակերպել:

– Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերը պատսպարած «արդարամիտ թուրքերու» շուրջ ցուցահանդէս կազմակերպել:

5) Գրաւակալներու ազդեցութիւնը աճեցնել

– Օպամայի վարչակարզմը պէտք է քաղաքականութեան վերաքննութիւն կատարէ` քննարկելով թրքական եւ հայկական շահերը համադրելու նորարարական մօտեցումներ: Քննարկումը պէտք է ուսումնասիրէ այն հարցը, որ` «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման վերահաստատումը կրնայ ճանաչման հարցը սակարկութեան նիւթ ըլլալէ դադրեցնել եւ այդպիսով հաշտութեան համար աւելի ձեռնտու պայմաններ ստեղծել»:

– «Արձանագրութիւնները պաշտօնական նախապայման մը չունին, սակայն Պաքու փաստեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութեանց բնականոնացումը կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Երկու տասնամեակներու վրայ երկարող դիւանագիտական աշխատանքներէ ետք, Մինսքի խմբակը պէտք է յանդուգն մօտեցումի մը մասին մտածէ: Համանախագահները պէտք է Քազանի հանդիպումին ընթացքին Ալիեւի բարձրացուցած առարկութիւններով զբաղին, եթէ Պաքու ցոյց տայ, թէ յառաջ ընթանալու քաղաքական կամքը չունի, Մինսքի խմբակի համանախագահները  պէտք է հրապարակաւ Ազրպէյճանը ճանչնան իբրեւ խափանող կողմ, յայտարարեն, որ միջնորդելու իրենց կարողութիւնը սպառած է եւ բանակցութիւնները առկախեն»:

– Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը պէտք է ջնջնուի:

– «Էրտողան կրնայ պատմութիւն կերտել` հրամայելով Հայաստանի հետ սահմանը բանալ եւ ճամբորդութիւնն ու առեւտուրը բնականոնացնել` իբրեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլ մը: Առաւել յանդուգն քայլով մը ան կրնայ արձանագրութիւնները վաւերացուելու համար խորհրդարանին ներկայացնել»:Այստեղ Ֆիլիփս ինքզինք կը հակասէ, որովհետեւ իր մենագրութեան վերջաբանին մէջ (էջ 99) արդէն նշած էր, որ անհաւանական է,որ արձանագրութիւնները իրենց ներկայ ձեւին մէջ կրնան վերակենդանացուիլ, եւ ահա էջ 108-ի մէջ ճիշդ այդ մէկը կատարել կը յանձնարարէ:«Այս քայլերը կրնան առնուիլ յանուն վեհանձնութեան, որ կեանքի սրբութիւնը ամրագրող իսլամական սկզբունքներուն մաս կը կազմէ: Վեհանձնութիւնը կրնայ Էրտողանի կտակին նշանակը ըլլալ», կ՛եզրակացնէ Ֆիլիփս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES