Ակնարկ. Բեկորին Երազը, Փասքալեւային Խոստումը…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա իր «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնին մէջ երբ  արցախցի հերոս Աշոտ Ղուլեանին հարց կու տայ, թէ ի՛նչ երազ ունի արցախեան պայքարի աւարտէն ետք իրականացնելիք, Աշոտ Ղուլեան փափաք կը յայտնէ նաւով մը շրջան ընել աշխարհի շուրջ, հանդիպիլ սփիւռքահայ իր եղբայրներուն եւ տեսնել, թէ անոնք ինչպէ՛ս կ՛ապրին եւ իրենք զիրենք հայ կը զգան:

Աշոտ Ղուլեան` Բեկոր, չկրցաւ իր երազը իրականացնել, ան նահատակուեցաւ այլ երազի մը իրականացման ճամբուն վրայ, սակայն իրեն հետ զրուցող Ցվեթանա Փասքալեւա, «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնով «զինուած», Բեկորի երազը իրականացնելու սկսած է` տարբեր երկիրներ այցելելով եւ սփիւռքահայերու հետ հանդիպելով:

Սակայն խորքին մէջ վաւերագրական մէկ հատիկ նիւթ մը պատրաստելու համար Արցախ ուղղուած, սակայն 5 տարիներ շարունակ արցախեան տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող ամէնէն թէժ իրադարձութիւնները նկարահանած Ցվեթանա Փասքալեւա, Բեկորին երազը իրականացնելու կողքին, ամբողջ ղարաբաղցիներուն տուած իր խոստումը կը կատարէ: Ան խոստացած է իր նկարահանումները իբրեւ փաստ ունենալով` ղարաբաղեան դէպքերուն եւ զարգացումներուն իսկական պատկերը ներկայացնել համայն աշխարհին` ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ` օտարներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն, հանրային կարծիքին, որպէսզի անոնք իրենց տալիք որոշումներուն կամ որդեգրելիք դիրքորոշումներուն մէջ ըլլան արդար եւ` շօշափելի տուեալներու վրայ հիմնուած:

Բարեբախտաբար իր «ուխտագնացութեան քարտէս»-ին վրայ Լիբանանի դիրքը առաջիններէն էր: Արցախը հոգիին մէջ, ժապաւէնը ձեռքին` նախանցեալ շաբաթ ան Լիբանան եկաւ:

Պուլկարացի լրագրողը անսահման սէր ունի արցախցիներուն նկատմամբ, անոնց մասին կը խօսի այնպէս, ինչպէս` հարազատ ընտանիքի անդամներու, ան անոնց հետ ապրած է պատերազմի ամէնէն դառն եւ ճակատագրական օրերը, գաղթած է անոնց հետ, լացած, սարսափած ու խնդացած է, յաղթանակներու քաղցր բաժակէն խմած է, մարտական ամէնէն վտանգաւոր ճակատներուն վրայ ազատամարտիկներուն հետ վազած է` անձրեւող փամփուշտներէն ու որոտացող ռումբերէն փախուստ տալով, ականատես եղած է մարտնչող «առիւծ»-ներուն նահատակութեան, լսած է անոնց հռնդիւնը, դժուարութեամբ հեռացած է մահուան դէմ պայքարող նուիրեալներէն` իր տեսախցիկին ետին իսկ չկարենալով պահել արցունքները: «Ես ո՛չ միայն խցիկով, այլ նաեւ սրտով կը նկարէի», կը հաստատէ Փասքալեւա` իր սրտէն բխած ժապաւէններուն ընդմէջէն կարծէք իր սրտէն բաժին մը հրամցնելով դիտողներուն:

7 բաժիններէ բաղկացած վաւերագրական ժապաւէններով Ց. Փասքալեւա կրկին ու կրկին կեանքի կը կոչէ արցախցիներուն ապրած դաժան ու տագնապալի օրերը, ահ ու սարսափի վիճակները, ազատամարտիկներուն օրագրութիւնը` միշտ ու միշտ շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման եւ հակամարտութեան լուծման օրը հեռու չէ, եւ հաստատելով, որ ինք այս խոստումէն բացի, պիտի յարգէ նաեւ այլ խոստում մը` ղարաբաղցիներուն հետ տօնելով իսկական եւ վերջնական յաղթանակի օրը:

Թէ՛ ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ եւ թէ՛ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պուլկարացի լրագրողին մօտ թախիծ կար, կար ծանրութիւնը իր տեսածներուն ու ապրածներուն, սակայն նաե՛ւ կային հաւատքն ու վճռակամութիւնը: Ան խոստովանեցաւ, որ միայն կարճ ժամանակի համար Արցախ երթալու մտադրութեամբ հոն ուղղուած էր, սակայն ամէն անգամ, որ ուզած էր բաժնուիլ ու հեռանալ, արցախեան հողը, արցախցիները եւ յատկապէս մանկութիւն չունեցող մանուկները անտեսանելի կերպով բռնած են զինք, ամուր կառչած են իրեն, եւ ինք չէ կրցած երեւակայել, որ կրնայ այդ վայրէն հեռու ապրիլ:

Ժապաւէններուն մէջ մեր հերոսներուն հետ զրոյցներ կը կատարուին, լոկ լուսանկարներով զանոնք ճանչցած սերունդներ առիթ կ՛ունենան տեսնելու մեր նահատակները, անոնց վճռակամ արտայայտութիւնները, խօսուն աչքերը, թախծոտ շեշտը, յաղթանակ կերտելու մեծ հաւատքը…

Իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը` իւրայատուկ լրագրողի մը կողմէ, որ ինչպէս Վազգէն Սարգսեան կ՛ըսէ, արցախեան ազատագրական պայքարը մղողներուն մարտական ընկերն էր: Փասքալեւա գնահատանք չի սպասեր, այլ կը սպասէ այն օրուան, երբ արդարութեամբ պիտի լուծուի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

Փասքալեւա անցաւ Լիբանանէն` իր ետին ձգելով շատ մեծ խորհուրդներ, մտորումներ եւ տպաւորութիւններ, յատկապէս` այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր հայ եւս պէտք է իր ազգին պատմութեան ճշգրիտ տարածման մէջ ներդրում ունենայ, յատկապէս` նոր սերունդը:

Գնահատելի եւ շնորհաւորելի է պուլկարացի լրագրողին յանդգնութիւնն ու նախաձեռնութիւնը, խորապէս տպաւորիչ եւ իւրայատուկ զգացումներ զարթեցնող է ժապաւէնը, Բեկորը հանգիստ կրնայ ննջել, Փասքալեւա իր խոստումը կատարելով` նաեւ Բեկորին երազը կ՛իրականացնէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES