Սլէյման Ֆրենժիէ Կը Մերժէ Ամերիկեան Դեսպանատան Հաղորդագրութիւնը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ իր հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը անճիշդ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ հաստատելու մասին:

Մարատայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրենժիէ-Քոնելլի հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ հաստատելու մասին:

ԱՊԱՏԻ

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները օրըստօրէ կ՛ամրապնդուին: Ան աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին փոխըմբռնումի համաձայնագիրներ, եւ երկկկողմանի այս յարաբերութիւնները ունին աւելի քան երեք հազար տարուան պատմութիւն:

Այս առումով, Ապատի խստիւ մերժեց Քոնելլիի կողմէ Լիբանանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մասին կատարուած յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ այդ յայտարարութիւնները Ուաշինկթընի կողմէ ուղղակի միջամտութիւն կը նկատուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Ապատի շեշտեց, որ նման կեցուածքներ մերժելի են, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու քայլերն ու նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու` երաշխաւորելու համար Իսրայէլի ապահովութիւնը:

ՆԻՔՈԼԱ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարարութեան իր մօտ կանչելու դեսպան Քոնելլին եւ անկէ պահանջելու, որ լուռ մնայ:

Նիքոլա յայտնեց, որ Քոնելլիի կողմէ պաշտպանութեան նախարարին դէմ արտայայտութիւնները ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ դառնալ կը նկատուին եւ կտրականապէս մերժելի են:

ՆՇԵՆՔ, որ շաբաթավերջին Քոնելլլի մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES