Հաննա Եւ Ազար` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, գիշերուան ժամը 23:00-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Թոնի Հաննա եւ Քարեն Ազար:
Առաջինը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ինքնաշարժներու «Մազերաթթի» աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան, մինչ երկրորդը պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ 1 ապրիլին տեղի ունենալիք «Նայքի»-ի ֆութպոլի բանակումին:
Յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:
CATEGORIES Մարզական