«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պալ Եւ Ինթեր Միլան – Մարսէյ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Պայէրն Միւնիխ եւ Ինթեր Միլան ճակատագրական մրցումներ ունին կատարելիք:

Նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքը երթին օտար դաշտերու վրայ պարտութիւններ կրեցին, այսօր յաղթանակ արձանագրելէ զատ այլընտրանք չունին: Պայէրն պարտուեցաւ Պալէն (1-0), իսկ Ինթեր` Մարսէյէն (1-0):

Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Չելսի քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Նափոլին: Երթին իտալական կազմը իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Իսկ Ռէալ Մատրիտ, որ պիտի հիւրընկալէ Մոսկուայի Բանակայինները, երթին Ռուսիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:

Չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Share this Article
CATEGORIES