Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անթունիէ` 1-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անթունիէ առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ երկարաձգումէն ետք 94-90 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` նկատի ունենալով, որ մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 82-82 հաւասարութեամբ` հետեւեալ ձեւով. 24-24, 23-10, 15-24 եւ 20-24: ՀՄԸՄ-էն Սեւակ Քեթենճեան նշանակեց 23 կէտ, իսկ Երուանդ Աւագեան` 21 կէտ:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Անթունիէի դաշտին վրայ: (Պաապտա):

Ինչ կը վերաբերի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, Ամշիթ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Թըպնինի վրայ` 79-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:

Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մարզական աւանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES