Ծեծկռտուք` Մակ-Ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի Նիստին Ընթացքին

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստին ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի մարդկային իրաւանց իրավիճակին մասին զեկուցումի ներկայացման ժամանակ նշեալ երկրի եւ Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչներուն միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է:

ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Մարզուքի Տարումանի զեկուցումի ներկայացման ժամանակ Հիւսիսային Քորէայի պատուիրակ Թաք Սէ Փենկ լքած է սրահը` ի նշան բողոքի: Փենկ զեկուցումը շինծու անուանած է:

Տարուսմանի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Հիւսիսային Քորէայի մէջ մարդկային իրաւանց իրավիճակը 2011-ի վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին վատթարացած է:

Անոր ու Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչին միջեւ ծեծկռտուքը տեղի ունեցած է դռներուն մօտ, սակայն վիրաւորներու մասին չի հաղորդուիր: Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչը նոյն պահուն ձերբակալուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES