Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Իտալահայ Գաղութի Ներկայացուցիչներ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց իտալահայ միութեան նախագահ Պայքար Սվազեանը եւ իտալահայ բարերար Սարօ Խոտավերտին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարբեր մարզերու մէջ Արցախի հետ սերտ համագործակցութեան հաստատման առնչուող հարցեր:

Նախագահը նշեց Իտալիոյ հայ համայնքին հետ յարաբերութիւններուն զարգացման անհրաժեշտութիւնը` կարեւոր նկատելով ատիկա ներհայկական կապերու շարունակական ամրապնդման տեսանկիւնէն:

Հանդիպման մասնակցեցան Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

 

Share this Article
CATEGORIES