«Թէեւ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Ուղղեց Պատմական Սխալը, Սակայն Սարքոզի Ատկէ Ետք Աւելի Վտանգաւոր Կեցուածք Որդեգրեց» Կ՛Ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ «Նիքոլա Սարքոզին 1915-ի իրադարձութիւնները նախընտրական հարց ալ եթէ դարձնէ, մեզի համար ատիկա ցեղապաշտութեան դրսեւորում է: Թէեւ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ուղղեց պատմական սխալը, սակայն ատկէ ետք Սարքոզին աւելի վտանգաւոր կեցուածք որդեգրեց: Սարքոզիի` օտարներու հասցէին սպառնալից յայտարարութիւնները շատ վտանգաւոր են: Ֆրանսայի կողմէ այլատեացութեան նման դրսեւորումները ուղղակի ամօթալի են»:
CATEGORIES Հայկական

